Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Չիքովանիի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատուած է համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը։ Քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Կողմերը իրարու ներկայացուցած են նաեւ երկու երկիրներու զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:
Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ 2024 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը։