Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը Ուաշինկթընի Մէջ Մասնակցած Է ՆԱԹՕ-ի Գագաթաժողովին Յարակից Կազմակերպուած Միջոցառման

Միրզոյեանը Ուաշինկթընի Մէջ Մասնակցած Է ՆԱԹՕ-ի Գագաթաժողովին Յարակից Կազմակերպուած Միջոցառման

by MassisPost

Յուլիս 9-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին յարակից կազմակերպուող «Կանայք, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» միջոցառման:

Միջոցառման շրջանակներուն մէջ նախարար Միրզոյեան շփումներ ունեցած է ԱՄՆ-ի, Շուէտի, Յունաստանի, Պելճիքայի, Սլովաքիոյ, Հոլանտայի, Չեխիոյ, Գանատայի, Չեռնոգորիայի, Պահրէյնի, Վրաստանի եւ այլ երկիրներու գործընկերներուն հետ:

Հայաստանը յանձնառու է խաղաղութեան եւ անվտանգութեան կառուցման հարցերով կանանց դերի յառաջմղման։ «Կանայք, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» հարցերով ՀՀ երկրորդ ազգային «գործողութիւններու ծրագիրը» կը գտնուի իրականացման փուլի մէջ։

Ի թիւս այլ ուղղութիւններու, այն կը հասցէագրէ ռազմական ուժերուն եւ ոստիկանական համակարգին, կիպերանվտանգութեան ծրագրերուն եւ խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ կանանց ներգրաւուածութեան աւելացման, կանանց ու աղջիկներու ընկերային ու տնտեսական իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment