Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կ’աջակցի ՀՀ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ին, Յաճախ Երբ Չես Տեսներ Ապագան, Չես Տեսներ նաեւ Հնարաւորութիւնները. Փաուըր

ԱՄՆ Կ’աջակցի ՀՀ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ին, Յաճախ Երբ Չես Տեսներ Ապագան, Չես Տեսներ նաեւ Հնարաւորութիւնները. Փաուըր

by MassisPost

Մենք կ’աջակցինք Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ին եւ շնորհակալ ենք այդ նախաձեռնութեան համար:

Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով ըսաւ ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրը:

«Շատ կարեւոր երեսակ ունի այն եւ շատ բարդ են բանակցութիւնները: Իւրաքանչիւր կողմի համար շատ բարդ է փոխզիջման երթալ: Ունենալով այս նախաձեռնութիւնը, մենք կ’ունենանք տեսլական, պատկեր, թէ ինչի կրնանք հասնիլ այս բարդ բանակցութիւններու աւարտին: Եթէ անոնք արդիւնքի հասնին, ես ըլլալով դիւանագէտ, մասնակցելով տարբեր տեսակի բանակցութիւններու, կրնամ ըսել, որ շատ կարեւոր է այն գինը, որ մենք կը վճարենք փոփոխութիւն ընելու համար: Յաճախ, երբ դուն չես տեսներ ապագան, չես տեսներ նաեւ հնարաւորութիւնները»,- ըսաւ դիտանագէտը:

ԱՄՆ-ն, ըստ Սամանթա Փաուըրի, կ’աջակցի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ին՝ փորձելով ֆինանսաւորել փոխադրութեան կապերու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ: Այդ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ ցոյց տալու, թէ ինչ կը նշանակէ ունենալ բաց առեւտուրի միջանցքներ, կամ եթէ ըլլան ուժանիւթի ոլորտին մէջ աւելի լաւ կապեր օրինակ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ:

«Նաեւ կ’օգնենք յատկորոշել, թէ ուր կարելի է լաւագոյն ներդրումները ընել: Այսպէս ըսած «ցուցակ» կը տրամադրենք, ուր կառավարութիւնն ու մասնաւոր ոլորտը կրնան ընտրել, թէ ինչ կրնան ընել, եթէ այս բանակցութիւնները հասնին նպատակին, որովհետեւ խաղաղութիւնն է տնտեսական զարգացման հիմքը:

Մենք ԱՄՆ ՄԶԳ-ի մէջ կրնանք ի ցոյց դնել, թէ որոնք են տնտեսական, ուժանիւթի ոլորտի, հեռահաղորդակցութեան բաժնեմասերը, եթէ ըլլայ խաաղութիւն: Եւ, եթէ կողմերը գան համաձայնութեան, ինչպէս կրնանք շատ արագ շարժիլ եւ այդ բաժնեմասերը ստանալ, որոնք պիտի բերեն խաղաղութիւնը»,- ըսաւ Փաուըր:

ԱՄՆ ՄԶԳ ղեկավարը նաեւ նշեց, որ իրենք առաքելութիւններ ունին Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի մէջ եւ անոնք կրնան իրարու հետ համագործակցիլ եւ տարածաշրջանային տեսակէտեր կիրառել իրենց ծրագրերուն մէջ:

Յիշեցնենք՝ աւելի վաղ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած էր ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, բարձր գնահատած է ԱՄՆ ՄԶԳ-ի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագրերը, որոնք միտուած են ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման եւ նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը բարեփոխումներու ուղղութեամբ:

Սամանթա Փաուըրը բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտնած էր, որ ԱՄՆ 5 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ «Ամազոն» համացանցային ծառայութեան եւ կառավարութեան համագործակցութեան աջակցելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment