Հրապարակուած է նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի, անոր նախկին տեղակալ Լեւոն Երանոսեանի, Ոստիկանութեան ներքին հաշուեքննութեան վարչութեան պետ Վարդան Թունեանի եւ ոստիկանութեան զօրքերու զօրամասի հրամանատար Գուրգէն Գրիգորեանի դատավճիռը։
Դատավճիռով Վլատիմիր Գասպարեանը մեղաւոր ճանչցուած է պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման, նաեւ այլ յօդուածներով: Անոր նկատմամբ պատիժ նշանակուած է 6 տարուան բանտարկութիւնը, սակայն համաներմամբ ազատած է պատիժի կրումէն:
Լեւոն Երանոսեանի նկատմամբ պատիժ նշանակուած է 5 տարի ժամկէտով բանտարկութիւնը: Ան եւս համաներմամբ ազատած է պատիժի կրումէն:
Մեղադրող դատախազը իր ճառին մէջ միջնորդած էր Գասպարեանը դատապարտել 11 տարուայ բանտարկութեան, Լեւոն Երանոսյեանը՝ 8:
Ոստիկանութեան Ներքին հաշուեքննութեան վարչութեան նախկին պետ Վարդան Թունեանը եւ Ոստիկանութեան զօրքերու զօրամասի նախկին հրամանատար Գուրգէն Գրիգորեանը մեղաւոր ճանչցուած են պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար, սակայն անոնց նկատմամբ քրէական հետապնդումը վաղեմութեան ժամկէտը անցած ըլլալու հիմքով դադրեցուած է:
Յիշեցնենք՝ ՀՀ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան՝ 2020 թուականին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ իրենց մօտ քննուող բազմադրուագ քրէական գործով կատարուած նախաքննութեան ընթացքին բացայայտուած են ՀՀ ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու, այդ շարքին՝ Վլատիմիր Գասպարեանի եւ Լեւոն Երանոսեանի կատարած պաշտօնական դիրքի չարաշահման, պաշտօնական կեղծիքի եւ պետական միջոցներէն առանձնապէս մեծ չափերու յափշտակութեան դէպքեր, որոնց հետեւանքով պետութեան պատճառուած է շուրջ 114 միլիոն ՀՀ դրամի վնաս:
Գասպարեանին, Երանոսեանին եւ եւս երկու անձի մեղադրանք առաջադրուած էր: