Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց Քսանմէկերորդ «Ոսկէ Ծիրան» Ֆիլմի Փառատօնը

Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց Քսանմէկերորդ «Ոսկէ Ծիրան» Ֆիլմի Փառատօնը

by MassisPost

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնը աւելի քան քսան տարիէ իր հիւրընկալ հարկին տակ կը համախմբէ աշխարհահռչակ ֆիլմի գործիչներու, Քաննի, Պերլինի, Վենետիկի եւ այլ հեղինակաւոր ֆիլմի փառատօներուն յաղթած ֆիլմեր, օսքարակիր ֆիլմեր եւ հարթակ կը դառնայ ֆիլմարուեստ նոր մուտք գործող երիտասարդներուն համար:

21-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ը, որ տեղի կ’ունենայ 7-14 Յուլիսին, մեկնարկեց Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:

Փառատօնին բացումը վստահուած էր գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Եօթը քօղ» նոր ֆիլմին, որուն առաջին ցուցադրութիւնը կայացած է 2023-ին Թորոնթոյի ֆիլմի փառատօնին: Ֆիլմը Ռիխարտ Շթրաուսի «Սալոմէ» օփերայի կլանիչ եւ վառ պատկերային վերաիմաստաւորումն է, ուր Ամանտա Սէյֆրիտը կը փայլի թատերական բեմադրիչի դերով, որ կը ջանայ կեանքի կոչել Սալոմէի աստուածաշնչեան պատմութեան սեփական մեկնութիւնը։

Մինչ ֆիլմի ցուցադրութիւնը Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը շեշտեց, որ վերջին տարիներուն Երեւանը հարուստ է մշակութային միջոցառումներով, որոնք մայրաքաղաքը կեանքով ու լաւ բոյրով կը լեցնեն։ «Այս միջոցառումների շարքում «Ոսկէ ծիրան»-ը հնաբնակ է եւ 21-րդ անգամ է մեզ համախմբում։ Ես շնորհակալ եմ այն  մարդկանց, որոնք անտրտունջ աշխատում են, ջանք ու եռանդ չեն խնայում, որ փառատօնը կայանայ»,- նշեց Աւինեանն ու կարեւորեց հիւրերուն մասնակցութիւնը փառատօնին։ Ան ողջունեց կրկնակի օսքարակիր բեմադրիչ Ալեքսանտըր Փէյնը, ամբողջ աշխարհի մէջ Փարաճանովի դեսպան համարուող բեմադրիչ Թարսեմ Սինկհը, ֆիլմաշխարհի մէջ Հայաստանի դեսպան Ատոմ Էկոյեանը, թատրոնի եւ ֆիլմի աշխարհահռչակ դերասան, օսքարակիր Քեէըն Սփէյսին։

Երեւանի 21-րդ միջազգային «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնը հանրութեան պիտի ներկայացնէ մրցութային ֆիլմեր աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ֆիլմեր ամենահեղինակաւոր Քաննի, Պերլինի եւ այլ փառատօներէն: Ֆիլմերու ցուցադրութիւնները պիտի կազմակերպուին Կինոյի տան, Մալեանի անուան թատրոնին եւ «Մոսկուա» ֆիլմի սրահին մէջ: Փառատօնը առանձնայատուկ անդրադարձ պիտի կատարէ երկու մեծութիւններու՝ Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերկէյ Փարաճանովի 100-ամեայ յոբելեաններուն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment