Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ռուսաստանի Մէջ Շուտով Նոր Դեսպան Պիտի Ունենայ. Ալէն Սիմոնեան

Հայաստանը Ռուսաստանի Մէջ Շուտով Նոր Դեսպան Պիտի Ունենայ. Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ԱՄՆ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած գոնկրէսական պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումէն յետոյ՝ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, տեղեկացուց, որ շուտով Հայաստանը նոր դեսպան պիտի ունենայ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ։

«ԱԳՆ-ն դեսպանների հետ շփման մասին ինձ ոչ միշտ է տեղեակ պահում, բայց գիտեմ, որ շուտով նոր դեսպան ենք ունենալու Ռուսաստանում»,- ըսաւ ան։

Ըստ Սիմոնեանի՝ արդէն ներկայացուած է նոր դեսպանին թեկնածութիւնը։ Այժմ Հայաստանը կը սպասէ անոր նշանակման։

Նկատենք՝ ըստ մամուլին մէջ տարածուող տեղեկութիւններուն՝ Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանը պիտի ըլլայ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, Միաւորուած Աշխատանքային կուսակցութեան նախագահ Գուրգէն Արսէնեանը։

Յիշեցնենք՝ 2022 թուականէն Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանը։ 2020թ.-ի Նոյեմբեր 20-էն 2021թ.-ի Յուլիս 20 ան զբաղեցուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը: Իսկ մինչ այդ եղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր խորհրդականը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment