Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Freedom House-ի Զեկոյցը ԼՂ-ի Մէջ Ատրպէյճանի Իրականացուցածը Միջազգային Յանցագործութիւն Կ’որակէ

Freedom House-ի Զեկոյցը ԼՂ-ի Մէջ Ատրպէյճանի Իրականացուցածը Միջազգային Յանցագործութիւն Կ’որակէ

by MassisPost

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղին մէջ հայեր չկան» վերնագրով լայնածաւալ փաստահաւաք զեկոյց ներկայացուցած է, որուն մէջ մանրամասն կերպով ուսումնասիրութեան կ’առնուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ սկսած 2020 թուականի երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմէն մինչեւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակմամբ եւ անոր հետեւանքներով։

Զեկոյցը, մասնաւորապէս, կը ներառէ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան աշխատանքը՝ ներառեալ հարցազրոյցներ հարիւրաւոր վկաներու եւ բաց աղբիւրներու հետ, որ նպատակ ունի պատասխանել այն հարցումին, թէ ինչու 2024 թուականի Մայիսի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան։

Զեկոյցը վերլուծութեան ենթարկած եւ փաստած է, թէ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդիկ դիտաւորեալ կերպով ենթարկուած են կանոնաւոր յարձակումներու, ահաբեկման, տարրական իրաւունքներէն եւ համապատասխան կենսապայմաններէն զրկուածութեան եւ զանգուածային տեղահանութիւններու։

Ապացոյցները ցոյց կու տան, որ ատրպէյճանական պետութիւնը գործած է մեթոտաբար մշակուած ռազմավարութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղը իր հայ բնակչութենէն, պատմական եւ մշակութային ներկայութենէն դատարկելու համար:

Զեկոյցին մէջ ներկայացուած ապացոյցները յստակօրէն կը մատնանշեն, որ այդ հարցին մէջ ատրպէյճանական իշխանութիւնները իրենց գործողութիւնները իրականացուցած են մեթոտական եւ համակարգուած ձեւով՝ նպատակ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղը զրկել բնիկ հայերէն, մաքրել տարածաշրջանը հայկական պատմական ժառանգութենէն ու մշակոյթէն։

2020 թուականէն մինչեւ 2024 թուականի Մայիս ինկած իրադարձութիւններու ընթացքին կազմակերպութեան փաստահաւաք առաքելութիւնը իր ուսումնասիրութիւններու ընթացքին արձանագրած է Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային քրէական իրաւունքի խախտումներ, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի պարտադիր կանոններու լուրջ խախտումներ։

Զեկոյցը, ուսումնասիրութեան առնելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները եւ հռետորաբանութիւնը, նկատած է, որ այն հիմնաւոր հիմքեր կու տայ եզրակացնելու, որ անոնց բռնի տեղահանումը եղած է միտումնաւոր: Փաստերը ցոյց կու տան, որ գոյութիւն ունի համակարգուած երկարաժամկէտ ծրագիր, որ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղը հայ բնակչութենէն ազատելուն: Այդ քաղաքականութիւնը ձեռք բերուած է կանոնաւոր գործողութիւններու միջոցով, որոնք կը հանդիսանան մարդու իրաւունքներու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային քրէական իրաւունքի կոպիտ խախտումներ։

Զեկոյցը յստակ կը մատնանէ, որ ատրպէյճանական պետութիւնը աստիճանաբար եւ մեթոտաբար ստեղծած է այնպիսի կենսապայմաններ, որոնք նպատակ ունեցած են կա՛մ հայ բնակչութեան աստիճանական ոչնչացման, կա՛մ ալ անհնարին դարձնել անոնց մնալն ու գոյատեւումը, որ յանգեցուցած է բռնի տեղահանութեան:

Զեկոյցը կը նկատէ, որ միջազգային կանոններու մշտական անտեսումը եւ շարունակուող խախտումները, չնայած միջազգային դատապարտման, նոյնպէս կը վկայեն հայ բնակչութիւնը վերաբնակեցնելու՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան մտադրութեան մասին:

Զեկոյցը կը նշէ, որ Ատրպէյճանի փաստաթղթաւորուած գործողութիւնները կը համապատասխանեն ցեղային զտումներու չափանիշերուն, որոնք կը հասկցուին նախկին Հարաւսլաւիոյ հակամարտութեան ծիրին մէջ, որ իրականացուած է արտադատական սպանութիւններու, խոշտանգումներու, կամայական ձերբակալութիւններու եւ կալանաւորումներու, ինչպէս նաեւ սնունդի եւ կեանք փրկող դեղամիջոցներու հասանելիութեան սահմանափակումներու միջոցով:

Հրապարակուած զեկոյցը նաեւ յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան տեղահանութիւնը՝ անտեսելով միջազգային բոլոր կառոյցներուն, այդ շարքին ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին եւ այլ կառոյցներուն ընդունած բանաձեւերը։

Փաստահաւաք առաքելութեան կատարած աշխատանքը ցոյց տուած է, որ առկայ են բաւարար ապացոյցներ՝ եզրակացնելու, որ ատրպէյճանական այս գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ զեկոյցին մէջ նշուած այլ արարքները, նոյնպէս յանցագործութիւններ են՝ համաձայն Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան, ներառեալ 7-րդ յօդուածը (մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները)։ 8-րդ յօդուածը, որուն համաձայն՝ կատարուածները պատերազմական յանցագործութիւններ են եւ համահունչ են տեղահանութեան կամ բնակչութեան բռնի տեղափոխման սահմանման:

Այս բացայայտումները եւ Ատրպէյճանի մէջ ներպետական հետապնդումներու բացակայութիւնը կ’ընդգծեն միջազգային իրաւական վերահսկողութեան եւ հաշուետուողականութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի գործը փոխանցուի Միջազգային քրէական դատարան՝ ապահովելու մանրակրկիտ հետաքննութիւն եւ այս սարսափելի արարքներու համար պատասխանատու անձերու նկատմամբ հնարաւոր քրէական հետապնդում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment