Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամբոխավարութիւն եւ Առողջ Դատողութիւն

Ամբոխավարութիւն եւ Առողջ Դատողութիւն

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Մեր համոզումով, մարդ արարածի մեծագոյն յատկութիւնը անոր մտածելակերպն է, որու հիման վրայ ան կը մշակէ իր աշխարհայեացքն ու գործելակերպը: Կը խորհինք, որ այս նկատի ունենալով է, որ իրաւամբ ըսուած է՝ «փոխէ մտածելակերպդ, ու փոխած կ’ըլլաս աշխարհդ», եւ կամ՝ «քու մտածելակերպիդ որակը կը ձեւաւորէ քու կեանքիդ որակը»:

Այս մտածմունքէն մեկնած, մենք շատ ցաւալի կը գտնենք վերջին շաբաթներուն Հայաստանի անցուդարձերը, որոնք կը պարզեն մակերեսային մտածելակերպ մը, ուր գերիշխող են թշնամական կիրքն ու կոյր զգացմունքը եւ ուրկէ կը բացակային առողջ դատողութիւնը, դէպքերու քննական վերլուծութիւնը, լուրջ բանավէճերու կազմակերպումը եւ նոյնիսկ մօտիկ անցեալի անցուդարձերէն դասեր քաղելու տարրական յատկութիւնը: Այլ խօսքով՝ ամբոխավարութիւն, փոխան առողջ դատողութեան: Ասոնք մեզի կը յիշեցնեն 90-ականներու միջավայրն ու պարագաները, որոնք յանգեցան 1999 Հոկտեմբեր 27-ի սպանդին եւ մեր պետականութեան գլխատման:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ Վազգէն Բագրատ Գալստանեանի կատարածը, երբ ինքզինք վարչապետի թեկնածու կը յայտարարէ, քաջ գիտնալով, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ երկքաղաքացիի մը նշանակումը կամ ընտրութիւնը այդ պաշտօնին: 14 Մարտ 1998-ի մեր «Քոչարեան թէ՞ Դեմիրճեան» յօդուածով սահմանադրական խախտում նկատեցինք Քոչարեանի թեկնածութիւնը նախագահական պաշտօնին: Քաղաքս այցելող Հայաստանի կուսակցութիւններէն մէկուն ղեկավարը մեզ մեղադրեց, որ այդ ընելով մենք չենք ընդունիր որ Արցախը Հայաստանի մաս կը կազմէ: Իր հաշուին չեկաւ մեր պատասխանը, որ այդպիսով յառաջիկայի խախտումներու նախընթաց մը ստեղծած կ’ըլլանք, ինչպէս նաեւ մեր ընդունումէն աւելի ծանրակշիռ է միջազգային ճանաչումը, որ չենք կրնար անտեսել եւ որուն չենք կրնար հակառակիլ:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ր այն հատուածին յայտարարութիւնները, որ Արցախեան ազատամարտի 90-ականներու յաջողութիւնները կերտուեցան «ի հեճուկս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի», իսկ 2020-ի պարտութեան պատասխանատուն բացառապէս Նիկոլ Փաշինեանն է: Այսպիսի վարմունքով, մենք ոչ կրնանք մեր յաջողութիւնները գնահատել եւ ոչ ալ մեր պարտութիւններուն ախտաճանաչումը կատարել ու դասեր քաղել:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ր նոյն 90-ականներու յաղթանակներէն ոգեւորուածներուն յայտարարութիւնները, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը արգելք հանդիսացաւ մտնելու Նախիջեւան եւ հասնելու Գանձակ եւ մինչեւ իսկ Պաքու: Երբ այս հարցը տուինք այդ օրերուն պաշտպանութեան փոխ-նախարար Վահան Շիրխանեանին, իր հեգնական պատասխանը եղաւ՝ «եթէ Սփիւռքը իր խոստացած 10-հազարանոց բանակը ուղարկէր մեզի, պարագան կրնար տարբեր ըլլալ»:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխուն ֆէս դնողներուն կատարածը, որ այսօր կը կրկնուի Փաշինեանի պարագային: Ու՞ր կորսուեցաւ հարցերը առարկայականօրէն քննարկելու  անհրաժեշտութիւնը:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ Վազգէն Բագրատ Գալստանեանի յայտարարութինը, որ Յունիս 15-ի բախումները հաւասար են Մարտ 1-ի սպաննութիւններուն: Չի՞ անդրադառնար ան, որ ժողովրդի մտքին մէջ տակաւին թարմ են Մարտ 1-ի եղելութիւնները եւ այդ համեմատութիւնը ընելով ինք պարզապէս իր հաւաստելիութեան կը վնասէ եւ անձը կը վարկաբեկէ:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ հայհոյալից արտայայտութիւններով կիրքերու հրահրումը: Այդ մարդիկ չե՞ն անդրադառնար, որ պարզապէս իրենք զիրենք կը խայտառակեն իրենց փողոցային մակարդակը ցոյց տալով եւ արգահատանք կ’առաջացնեն առողջ մտածող մարդոց մօտ:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ հայրենասիրութեան պիտակին տակ անձնական կամ հատուածական շահ հետապնդելը, երբ այդ շահը չհամընկնիր մեր ազգային շահին:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ հոգեւոր թէ քաղաքական առաջնորդներուն ծպտուն չհանելը ի տես ահաւոր խախտումներու եւ ոճրագործութեանց, մանաւանդ երբ կ’օգտուին անոնցմէ, բայց կը բարձրաձայնեն նուազագոյն դէպքերն իսկ, միշտ հետամուտ ըլլալով իրենց անձնական ու հատուածկան շահերուն:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ միասնութիւն քարոզելը երբ պառակտումի արդիւնքով հասած ես դիրքի:

Ամբոխավարութիւն չէ՞ սին յայտարարութիւններով եւ լոզունգներով մոլորեցնել ու խաբել ժողովուրդը, առանց անոնց ներկայացնելու ընելիքներուդ մասին ծրագիր մը:

Ամբոխավարութիւն չե՞ն «ոչ մի թիզ»-ականներու երազային ծրագրերը, երբ առողջ դատողութիւնն ու միջազգային համակարգն ու օրէնքները կը բացայայտեն անոնց անիրականութիւնը: 18 Հոկտեմբեր 1987-ի մեր ««Դաւաճաններ» Պուրկիպա եւ Սատաթ» յօդուածով, Հայկական եւ Պաղեստինեան հարցերէն զուգահեռներ վեր առնելով, մենք կը կողմնակցէինք փոխ-զիջումներու հիման վրայ Ղարաբաղեան հարցի լուծման, նշելով՝ «մենք կը նախընտրենք իրապաշտ եւ զգուշաւոր մօտեցումները, քան թէ անպատասխանատու պոռոտախօս կանչերը եւ անոնց անբաղձալի հետեւանքները: Նախագահը կը ջանայ «ձեռք բերել այն ինչ որ կարող ենք այսօր ձեռք բերել», փոխանակ Տոն Քիշոթեան կոչերով ու արարքներով վտանգելու մեր ձեռքին եղածն ալ, ինչպէս պատահեցաւ դարասկիզբին»: Դժբախտբար, 20-րդ դարու սկիզբի սխալը կրկնուեցաւ նաեւ դարավերջին:

Ամբոխավարութիւն չե՞ն Հրանդ Մարգարեանի եւ նմաններուն յայտարարութիւնները, որ վեց ամիսէն Նիկոլ Փաշինեանին տուն պիտի ուղարկեն, բայց վեց տարի եւ երկու արդար ընտրութիւններէ ետք ան տակաւին կը մնայ պաշտօնի վրայ, հակառակ մեր կրած ահաւոր պարտութեան: Յստակ չէ՞, որ ժողովուրդի աչքին բացայայտուած ու վարկաբեկուած են այդ ամբոխավարները: Յստակ չէ՞, որ ժողովուրդը կը նախընտրէ պատերազմին պարտուած ղեկավարը, քան թէ պատերազմի յաղթանակը շահագործած եւ հայրենիքը կեղեքած ղեկավարները:

Ամբոխավարութիւն չե՞ն 20 տարի Հայաստանը կեղեքած, ընտրութիւններ կեղծած, սպաննութիւններ կատարած եւ բիրտ ուժով իշխանութեան տիրացած ու պահած մարդոց յայտարարութիւնները ժողովրդվարութեան ու համերաշխութեան մասին:

Առողջ դատողութեան մարդը այս բոլորը կը տեսնէ ու ըստ այնմ կը շարժի: Ան չի՛ հաւատար ամբոխավար մադուն բաժակը կիսով լեցուն կամ դատարկ ըլլալու հաւաստիացումներուն, այլ  իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերելով կը տեսնէ երկուքն ալ եւ ըստ այնմ իր գնահատականը կու տայ, կշռելով առաւելութիւններն ու թերութիւնները:

Առողջ դատողութեան մարդը նժարի վրայ կը դնէ Հայաստանի անցած աւելի քան 32 տարիներու անցուդարձերը եւ ըստ այնմ իր գնահատականը կու տայ: Ան շատ լաւ կը տեսնէ, որոնք նպաստեցին Հայաստանի յաղթանակներուն եւ որոնք շահագործեցին այդ յաղթանակները, մեզ հասցնելով այս օրուան:

1991-էն ի վեր մեր հրատարակած աւելի քան 300 յօդուածներուն ընդմէջէն, մենք անշահախնդրօրէն առաջնորդուեցանք առողջ մտածելակերպ եւ դատողութիւն քաջալերելու մեր համոզումով, միշտ ի մտի ունենալով ծառայել մեր ազգային գերագոյն շահերուն:  Դժբախտաբար, այն ինչ որ մեզի համար շատ պարզ ու հասկնալի կը թուէր, խեղաթիւրուեցաւ ամբոխավարներու եւ պատեհապաշտներու կողմէ, յօգուտ իրենց շահերուն: Անոնք զանազան առիթներով մեզ ալ արժանացուցին դաւաճանի պիտակին, փորձելով վարկաբեկել մեզ: Մեր յօդուածները փաստ են, որ ո՞վ ճիշտ գնահատեց օրուան կացութիւնը, ջանալով օգտակար ըլլալ հայրենիքին, եւ ո՞վ հայրենասէրի ու ազգասէրի շղարշին տակ հետապնդեց իր շահը, վնաս հասցնելով Հայաստանի պետականութեան եւ հայրենի ժողովուրդի բարօրութեան:

19 Յունիս 2024

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment