Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պետութիւնը Լուծարած Որոշ Խմբակներ Չեն Կրնար Հայաստանի Մէջ Հանդէս Գալ Որպէս Խորհրդարան. Առաքելեանը՝ ԼՂ Խմբակցութիւններուն

Պետութիւնը Լուծարած Որոշ Խմբակներ Չեն Կրնար Հայաստանի Մէջ Հանդէս Գալ Որպէս Խորհրդարան. Առաքելեանը՝ ԼՂ Խմբակցութիւններուն

by MassisPost

Յունիս 21-ին իրաւապահները կոտրած էին  Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան դարպասը եւ առգրաւած էին ԼՂ-ի լուծարման հրամանագիրը ստորագրած Սամուէլ Շահրամանեանին սպասարկող ծառայողական ինքնաշարժը՝ օրէնքի սահմաններուն մէջ իրականացնելով զայն յատուկ պահպանուող տարածք տեղափոխելու գործընթաց։ Ատիկա սեփականութեան իրաւունքով ԼՂ-ի նախկին նախագահի թիկնազօրին պատկանող ինքնաշարժն է, որ կը վարէր Աշոտ Դանիէլեանը։

«Հայկական Ժամանակ»-ի ունեցած տեղեկութիւններով՝ ինքնաշարժը առգրաւելու որոշումը կայացուած էր Աշոտ Դանիէլեանին վերաբերող գործի շրջանակներուն մէջ:

Այս դէպքին վերաբերեալ ԼՂ ԱԺ նախկին չորս խմբակցութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն տարածած են:

Քաղաքագէտ Էտկար Առաքելեանը, անդրադառնալով տուեալ յայտարարութեան, Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է.

«Պետութիւնը լուծարած, իսկ, իրականում, ինքնալուծարուած որոշ խմբակներ չեն կարող Հայաստանում հանդէս գալ որպէս Արցախի խորհրդարան եւ, հետեւաբար խորհրդարանի խմբակցություններ, ու չէին կարող յայտարարութիւն ընդունել, դա կեղծ յայտարարութիւն է։

«Աւելին, Արցախում պետական յեղաշրջում իրականացրած խմբակները չեն կարող խօսել Հայաստանի ժողովրդի կողմից ընտրուած օրինական իշխանութիւնից ու ժողովրդավարութիւնից։

«Դուք առնուազն «Եւլախեան վերնախաւն» էք, որի միջոցով լուծարեցին Արցախը, բայց Հայաստանի հարցում բախտներդ չփորձէք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment