Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար տեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներու կողմէ տեղի կ’ունենան զինադադարի խախտումներ:
Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ կառավարութիւնը:
«Չնայած այն հանգամանքին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքել է բոլոր այդ մեղադրանքները, Ատրպէյճանը շարունակում է այդօրինակ տեղեկատուութեան տարածումը:
«Ի շարունակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի՝ սոյն թուականի Յունիսի 15-ին արուած յայտարարութեան եւ ելնելով նրանից, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կամքն է թոյլ չտալ լարուածութեան առաջացում՝ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմն Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկել է ստեղծել զինադադարի խախտման դէպքերի հետաքննութեան երկկողմ մեխանիզմ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկում է մեկնարկել նշուած մեխանիզմի գործնականացման աշխատանքները»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: