Իրաւապահները կոտրած են Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան դարպասը եւ առգրաւած են Լեռնային Ղարաբաղի լուծարման հրամանագիրը ստորագրած Սամուէլ Շահրամանեանին սպասարկող ծառայողական ինքնաշարժը:
Իրաւապահները կոտրած են դարպասը, քանի որ անվտանգութեան աշխատակիցը թոյլ չէ տուած մտնել ներս:
Այնտեղ գտնուող ոստիկանութեան ներկայացուցիչը պարզաբանած է, որ ինքնաշարժը տեղափոխած են համապատասխան տարածք:
«Մեր գործողութիւններն ամբողջովին իրաւաչափ են։ Քրէական վարոյթի շրջանակներում է արւում, նախաքննական գաղտնիք է»,- ըսած է ան՝ չյայտնելով մանրամասնութիւններ:
Յիշեցնենք՝ Յունիս 7-ին ՀՀ Քննչական Կոմիտէն առգրաւած էր սեփականութեան իրաւունքով Լեռնային Ղարաբաղին պատկանող ինքնաշարժը։ Ատիկա սեփականութեան իրաւունքով ԼՂ-ի նախկին նախագահի թիկնազօրին պատկանող ինքնաշարժն է, որ կը վարէ Աշոտ Դանիէլեանը։
«Հայկական Ժամանակ»-ի ունեցած տեղեկութիւններով՝ ինքնաշարժը առգրաւելու որոշումը կայացուած էր Աշոտ Դանիէլեանին վերաբերող գործի շրջանակներուն մէջ:
2024թ․ Փետրուարին ՀՀ Քննչական Կոմիտէին մէջ ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 393-րդ յօդուածի առաջին մասի (Իրացնելու նպատակով թմրամիջոց, հոգեմէտ (հոգեներգործուն) նիւթ, անոնց պատրաստուկ կամ անոնց համարժէք նիւթ ապօրինի արտադրելը, պատրաստելը, վերամշակելը, ձեռք բերելը, պահելը, տեղափոխելը, առաքելը, տարածելը, գովազդելը կամ զանոնք ապօրինի իրացնելը կամ մէկ ուրիշի դրդմամբ՝ անոր համար թմրամիջոց, հոգեմէտ (հոգեներգործուն) նիւթ ապօրինի ձեռք բերելը) եւ 396-րդ յօդուածի առաջին մասի (Առանց իրացնելու նպատակի զգալի չափերով թմրամիջոց, հոգեմէտ (հոգեներգործուն) նիւթ կամ անոնց ածանցեալ ապօրինի արտադրելը, պատրաստելը, վերամշակելը, ձեռք բերելը, պահելը, տեղափոխելը կամ առաքելը) յատկանիշերով յարուցուած եւ ներկայիս քննուող քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ քննութեան համար էական նշանակութիւն ունեցող հանգամանքներ պարզելու նպատակով քննիչին կողմէ կայացուածէ «Թոյոթա» մակնիշի ինքնաշարժը առգրաւելու որոշում։