Պաղեստինի ազգային վարչակազմի նախագահ Մահմուտ Ապպասի գրասենեակը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին՝ Պաղեստինի պետութիւնը ճանաչելու համար: Այդ մասին յայտնած է WAFA գործակալութիւնը։
«Հայաստանի իմաստուն քայլը համահունչ է խաղաղութիւն նախատեսող ծրագրին, որ կ’ենթադրէ երկու [իսրայէլեան եւ պաղեստինեան] պետութիւններու համակեցութիւնը: Սա ռազմավարական ընտրութիւն է, որ կը պաշտպանէ միջազգային կամքը եւ օրինականութիւնը»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Պաղեստինի վարչակազմը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանին «այս խիզախ եւ կարեւոր որոշման համար, որ կ’ամրապնդէ երկկողմ կապերը եւ կը նպաստէ խաղաղութեան ու կայունութեան տարածաշրջանին մէջ»։
Այս տարեսկիզբին Պաղեստինը ճանչած են Սլովենիան, Իրլանտան, Սպանիան եւ Նորվեկիան։