Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Բախտորոշ Ընտրութիւն – Ընկերվարական Տարբերա՞Կ Թէ Ծայրայեղ Աջակողմեան Օրակարգ

Բախտորոշ Ընտրութիւն – Ընկերվարական Տարբերա՞Կ Թէ Ծայրայեղ Աջակողմեան Օրակարգ

by MassisPost

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Յունիս 9, 2024 թուականին Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ 27 երկիրներուն մէջ տեղի ունեցան ԵՄ-ի ներկայացուցչական խորհրդարանի ընտրութիւնները որոնք եկան փաստելու թէ ծայրայեղական աջակողմեան կուսակցութիւնները մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են Միութեան ամբողջ տարածքին։ Արդիւնքները ցնցիչ նկատուեցան  մանաւանդ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ ու հաւանական է որ մօտիկ ապագային այս ծայրայեղ աջակողմեան հակում ունեցող կառավարութիւններու շարքը զգալի կերպով երկարի Եւրոպայի մէջ երբ ազգային խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունենան յառաջիկայ ամիսներուն։

Միւս կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) մէջ Նոյեմբեր 5, 2024 թուականին տեղի  պիտի ունենան նահանգային, դաշնակցային եւ նախագահական ընտրութիւններ ուր ծայրայեղ աջակողմեան թեկնածու Տոնալտ Թրամբ եւ իր համախոհները պիտի ճակատին Տէմոքրաթ կուսակցութեան թեկնածու, եւ այժմու նախագահ, Ճո Պայտընի եւ իր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն դէմ։

Այս ընտրութիւններէն կախում պիտի ունենան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային այն որոշումները որոնք յաջորդ տարիներուն պիտի պայմանաւորեն ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու պատկանող կառավարութիւններու գործունէութիւնն ու ռազմավարական տեսլականը , ու անկասկած մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան անոնց քաղաքացիներու առօրեայ եւ հանրային կեանքի բազմազան երեսներուն վրայ։

Պաղ պատերազմի տարիներուն, մասնաւորաբար 1946-էն մինչեւ 1991 երկարող շրջանին, սովորական էր իբրեւ «յառաջդիմական» կամ «յետադիմական» անուանել կամ պիտակաւորել մեր քաղաքական համոզումներուն յարիր կամ անյարիր եղող այս կողմերը, եւ ըստ այնմ դրական կամ ժխտական դիրքորոշում մը ձեւաւորել այդ կազմակերպութիւններու առաջարկած եւ մշակած քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական կողնորոշումներուն եւ գործունէութեան դէմ։

Այս պիտակաւորումները մաս կը կազմէին այդ օրերուն սովորական դարձած միջազգային բառագանձին ու կը կաղապարէին այն բուռն աշխարհաքաղաքական պայքարը որ Արեւելքի եւ Արեւմուքի պետական կարգուսարքերը, եւ իրենց համակիրները եւ կողմնակիցները կը մղէին իրարու դէմ, իրենց ազդեցութեան գօտին պահպանելու կամ ընդլայնելու նպատակով։

«Յառաջդիմական» շարժումները, եւ անոնց համահունչ տարբերակները,  Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներէն ներս խարսխուած էին Ընկերվարական գաղափարախօսական ըմբռնումներուն վրայ։ Ճանչցուած էին նաեւ իբրեւ «ձախ» կամ «ձախակողմեան» եւ յաճախ իրենց հակադիր կողմէն արհամարհական կերպով կը զրպարտուէին իբրեւ «համայնավար» կամ «համայնավարերու ընկերակից»։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այս պիտակաւորումները եւ սահմանումները մասնաւորաբար վտանգաւոր հետեւանքներով յղի փորձութիւն մը հանդիսացան այդ տարիներուն ականաւոր բազմաթիւ անհատներու համար, եւ իրաւական գետնի վրայ իրենց անդրադարձը ունեցան անոնց կեանքին եւ ասպարէզին վրայ։ Մարդիկ տակաւին կը յիշեն Հանրապետական ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթիի (Joseph McCarthy 1908-1957) շղթայազերծած  «հակահամայնավար» կատաղի պայքարը 1950 թուականներուն, եւ անոր յաջորդող աղմկալից հալածանքը ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին մէջ արուեստի, գիտութեան եւ զանազան ասպարէզներու մէջ իբրեւ «համայնավար» ճանչցուած կամ պիտակաւորուած անձնաւորութիւններու դէմ։ Այդ թունալից հալածանքը խիստ հարուած մը հասցուց Ամերիկայի ազգային եւ քաղաքական կեանքին եւ պատճառ դարձաւ շատ մը անմեղ զոհերու եղերական վախճանին։

Գալով «Յետադիմական» յորջորջուած կազմակերպութիւններուն կամ քաղաքական ոյժերուն, այդ գաղափարախօսական շարժումին հետեւորդները ընդհանրապէս ճանչցուած էին իբրեւ «Աջ», «Աջակողմեան» կամ «Պահպանողական»։

Վայրկեան մը փորձենք այս երկու հակադիր քաղաքական կողմնորոշումներուն, այսինքն «յառաջդիմական» (ընկերվարական եւ այլ ձախ կողմեր) եւ «յետադիմական» (ընդհանրապէս պահպանողական) ըմբռնումները սահմանել երկու խօսքով։

Ի՞նչ  կ՛ուզէ ( կամ կ՛ուզէր)  «Ընկերվարականը» կամ «Յառաջդիմականը»։

Իր հիմնադրութեան եւ կազմաւորումի առաջին տասնամեակներուն 19-րդ դարուն, Ընկերվարական շարժումը կը հաւատար արտադրութեան միջոցներու համայնական սեպհականատիրութեան եւ անոնց շահագործումին՝ ի նպաստ բանուոր եւ չքաւոր դասակարգին։ Ընկերվարականները կը դատապարտէին դրամատիրական կարգերու ստեղծած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական անարդարութիւնները, որոնք ժողովրդավարութեան հիմունքները կը խաթարէին, իրաւական իշխանութեան ղեկը յանձնելով հարուստին, ազդեցիկին եւ «ընտրեալ» դասակարգին։

Իր արդիական եւ նորագոյն շրջանի տարբերակին մէջ ընկերվարական մտածողութիւնը ընդգրկեց «Բարօրար Պետութեան» (Welfare State) տիպարը իբրեւ  հիմնակէտ իր գաղափարախօսական մօտեցումին եւ ջանաց գործադիր իշխանութիւնը իբրեւ ընկերային փոփոխութեան լծակ օգտագործել ընկերային անարդարութիւնները վերացնելու, պետական օրէնքներու նպատակադրեալ մշակումով եւ կիրարկումով՝ որպէսզի տնտեսական բարիքներու արդիւնքները հասանելի եւ մատչելի ըլլան լայն զանգուածներուն առանց խտրութեան։ Այս քաղաքականութեան ծիրին մէջ Ընկերվարական շարժումը ի միջ այլոց ծրագրեց եւ իրականացուց աշխատանքային պայմաններու բարելաւումը, քաղաքացիներու սահմանուած ընկերային եւ բժշկական խնամքներու ապահովութիւնը, ուսումի միջոցներու ձրի տրամադրելիութիւնը հասարակութեան, թոշակի դրութիւնը, կիներու եւ փոքրամասնութիւններու հաւասարութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւլն։ Այս նպատակները իրագործելու եւ գործնականացնելու համար Ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը կը վստահէր հարկային դրութեան մը վրայ որ «ունեւորի» եւ «չունեւորին» միջեւ տնտեսական եւ նիւթական արդիւնքներու եւ բարիքներու վերաբաշխում մը կը ջատագովէր եւ կը հետապնդէր նուազագոյնի իջեցնելու համար դասակարգային տարբերութիւնները։

Ոչ ոք կրցած է այդքան դիպուկ եւ հակիրճ կերպով Ընկերվարական գաղափարախօսութեան միտք բանին եւ ծրագիրը ամփոփել այնպէս ինչպէս կրցած է  ընել աշխարհահռչակ բնագէտ Ալպէր Այնշթայն (Albert Einstein 1879-1955) երբ Monthly Review Ամսագրի Մայիս 1949 թիւին մէջ կը գրէր։ «Ես համոզուած եմ որ աշխարհի երեսէն այս ծանր եւ եղկելի թշուառութիւնները կարելի է միայն արմատախիլ ընել ընկերվարական տնտեսական կառուցուածքով մը որ համապատասխան  դաստիարակութիւն մը կը ջամբէ քաղաքացիներուն։ Պէտք է որդեգրել «Ծրագրեալ Տնտեսութիւն» մը որ իր արտադրողական աճը եւ զարգացումը կը յարմարցնէ համայնքային պէտքերուն, ու այդ նպատակի յաջողութեան համար անհատական մասնակցութիւնը այդ ջանքերուն այնպէս մը կը ձեւաւորէ որ իւրաքանչիւր այր, կին եւ երեխայ երաշխաւորուած ապրուստ մը ունենայ։ Անհատի մը կրթութիւնը ոչ միայն անոր բնածին ատակութիւնները պէտք է զարգացնէ, այլ անոր մօտ պէտք է մշակէ իր նմանին նկատմամբ պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան զգացում մը փոխանակ պանծացումը հանդիսանալու անձնական ՈՅԺի եւ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ»։

Ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը միաժամանակ ջատագով կը հանդիսանար ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան, համերաշխ գոյակցութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան։

Տարիներու հոլովոյթին հետ ընկերվարական շարժումի զարգացումը Եւրոպայէն դուրս ընդգրկեց տեղական բնոյթ ունեցող առաջնահերթութիւններ ու ատոր հետեւանքով ընկերվարական մտածողութեան տարբերակներ զարգացան աւանդական Եւրոպական բնօրաններէն դուրս Լատին Ամերիկայի, Ասիոյ եւ Ափրիկեան երկիրներէ ներս, ստանալով տեղական գունաւորում մը։

Այս ընթացքին նոյնքան բազմերես եղաւ «Պահպանողական» մտածողութեան զարգացումը Եւրոպական եւ Ամերիկեան թատերաբեմներէն ներս ։

Ընդհանուր առումով «Պահպանողական» կողմը կը դիրքորոշուէր հաստատուած ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական կարգուսարքերու ի նպաստ, ու դէմ կ՛արտայայտուէր ընկալուած կարգ ու կանոնի դէմ ի գործ դրուած ոեւէ ոտնձգութեան, ապահով զարգացումի մը հեռանկարները տեսնելով համընդհանուր կարգապահութեան սահմաններուն մէջ։

«Պահպանողական» մտածողութիւնը Եւրոպայի մէջ զարգացաւ իւրաքանչիւր երկրին յատուկ միջավայրի, մշակոյթի, պատմութեան եւ Քրիստոնէական կրօնի աւանդական ըմբռնումներուն եւ բարոյական հասկացողութեան սահմաններէն ներս հակադրուելով 18-րդ եւ 19-րդ դարերու յեղափոխութիւններուն։ Այդ շարժումի մտածողութեան հիմնաքարը հանդիսացաւ պետականութեան ազգային նկարագիրը, յաճախ դրոշմուած ազգայնական եւ նոյնիսկ ազգայնամոլ տրամադրութիւններով։ «Պահպանողական» մտածողութիւնը ընկերային կեանքին մէջ աւանդական բարոյական ըմբռնումները, հաւատալիքներն ու սովորոյթները կը քաջալերէր, նախընտրութիւն կու տար անձնական ձեռներէցութեան , եւ միաժամանակ ընկերային ծառայութիւններու ապահովութեան պատասխանատուութիւնը կը վստահէր բարենպաստ եւ բարեգործական խմբաւորումներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու փոխանակ այդ ծառայութիւններու պարտականութիւնը ստանձնելու՝ պետական ելեւմտական խոհեմ գործելակերպի  սկզբունքը առարկելով։ Պահպանողականը կը հաւատար անհատի ազատ կեանքի անձեռնմխելիութեան , ինչպէս նաեւ ընտանեկան, ամուսնական եւ սեռային կեանքը կանոնաւորող  աւանդական ըմբռնումներուն։ Կը հաւատար նաեւ որ սերունդներու  կրթութիւնը կը սկսէր ընտանեկան յարկէն ներս եւ թէ ծնողներ ազատութիւնն ու իրաւունքը պէտք է ունենային իրենց զաւակներու կրթութիւնը իրենց նախասիրած կրօնական համոզումներուն յարիր  ուղղութիւններով զարգացնելու։

Հասկնալի է ու բնական որ հասարակութեան մը պատկանող անհատներ, խումբեր եւ ազգային հաւաքականութիւններ իրարմէ տարբեր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համոզումներ ունենան եւ պայքարին այդ գաղափարներու յաջողութեան համար։ Այդ պայքարը ժողովրդավարական բանավէճին մաս կը կազմէ  եւ առիթ կու տայ հանրային բնոյթ ունեցող որոշումները կայացնելու ընտրութիւններու ճամբով։ Այդ պայքարին մէջ իւրաքանչիւր կողմ իր վերիվայրումները ապրած է պատմութեան մէջ, յաղթանակներ արձանագրած է,  իսկ պարտութիւններու պարագային վերակազմուած ու վերակազմակերպուած՝ ապագային կրկին իշխանութեան տիրանալու յոյսով։

Ինչ որ մտահոգիչ  զարգացում մըն է այսօր այն է որ «Պահպանողական» շարժումը վերջին տասնամեակին փոխակերպուած է, դուրս ելած է իր հունէն  ու այժմ մեծամասնաբար դարձած է «Ծայրայեղ Աջակողմեան» շարժում մը որ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի տրամադրութեանց դէմ գործելով անհանդուրժողական դարձած է եւ վարակուած է ազգայնամոլութեան ախտէն։ Եւրոպայի պարագային  «Ծայրայեղ Աջակողմեան» կողմերը դէմ կ՛արտայայտուին եւ կը գործեն Եւրոպական Միութեան այն բոլոր ձեռնարկներուն որոնք կը միտին տարբեր ազգութիւններու պատկանող պետութիւններու արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնները համակարգել խնդրոյ առարկայ երկիրներու քաղաքացիներու բարօրար կեանքի ապահովութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելու՝ խաղաղ գոյակցութեան մը պայմաններուն մէջ։

Այժմ յաւելեալ օղակ մըն ալ աւելցած է «Ծայրայեղ Աջակողմեան» շարժումի մտահոգութեանց շղթային ու հակակրութիւններու ցանկին։ Արդարեւ, տասնամեակէ մը ի վեր այլ երկիրներէ Եւրոպա ապաստան փնտռող օտարներու թիւը մեծ յաւելում մը արձանագրած է։ Ի տես այս ծաւալող ալիքին «Ծայրայեղ Աջակողմեան» շարժումներ զինակոչ յայտարարած են եւ ամէն միջոցով կը փորձեն արգելք հանդիսանալ անոնց իրենց երկրէն ներս արմատաւորումին։ Անկախ այն հիմնական հարցէն թէ ինչու՞ եւ ի՞նչպէս այդ ապաստանեալները Եւրոպա կու գան, անոնց ներկայութիւնը խնդրոյ առարկայ երկիրներու ծայրայեղ աջակողմեան շրջանակներուն վախ կը պատճառէ։ Անոնց ակնոցով անբաղձալի այդ տարրերու ներկայութիւնը կ՛այլափոխէ երկրի ցեղային, մշակութային եւ կրօնական նկարագիրը եւ ազգային վտանգ մը կը նկատուի։ Այս երկիրներու շարքին կը պատկանին զանազան տարբերութիւններով Անգլիա, Ֆրանսա , Իտալիա, Աւստրիա, Հոլանտա, Հունգարիա , Գերմանիա եւ ուրիշներ։

Այս բոլորին դիմաց Ընկերվարական շարժումը Եւրոպայի մէջ տեղատուութեան մէջ է ու տժգունած գոյութիւն մը ունի, անկարող իր շարժումի ներկայութեամբ արգելք հանդիսանալու այս ծայրայեղական զարգացումներուն, որոնք մարդկային իրաւունքներու եւ փոխադարձ համակրութեան, աջակցութեան  եւ փոխ-ըմբռնումի ոգիի ոտնահարումին կ՛առաջնորդեն։ Դժբախտաբար ընկերվարական շարժումը չէ կրցած միշտ յաջողութեամբ վարել իր պատասխանատուութիւնները երբ պետութեան ղեկը ստանձնած է յաջող ընտրութիւններէ ետք, ու  բախած է տնտեսական իրականութիւններու եւ հարցերու որոնց պատրաստ չէր, եւ կամ որոնց պատասխան չէր գտած, ուստի ստիպուած եղած էր  քաղաքական, հարկային եւ ֆինանսական այնպիսի  քայլերու դիմել որ հիասթափած է  իր հետեւողները եւ համակիրները ամենազան երկիրներէ ներս։ Վերջին տասնամեակներուն ընկերվարական շարժումները Եւրոպայէն ներս գրեթէ չքացած են եւ կամ լուսանցքային ներկայութիւն մը ունին քաղաքական կեանքէն ներս։

Մինչ այդ Եւրոպայէն ծագում առած այս «Ծայրայեղական Աջակողմեան» շարժումը իր խոր անդրադարձը ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքին վրայ։ Արդարեւ, Հանրապետական կուսակցութիւնը իբրեւ պահպանողական շարժում կրած է նմանօրինակ այլափոխութիւն մը ու 2009 թուականէն ի վեր կը գտնուի ծայրայեղ աջակողմեան մտածողներու, գործիչներու եւ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս ասպարէզ գտած ներկայացուցիչներու ազդեցութեան եւ ուղղութեան տակ։ Իրենց համակիրներու աճող թիւին շնորհիւ անոնք տիրական ներկայութիւն մը դարձած են ԱՄՆ-ի քաղաքական կեանքէն ներս ու ջանք կը թափեն խափանելու եւ ձեւափոխելու երկրի օրինական կառուցուածքին մէջ տեղ գտած ընկերային ապահովութեան այն միջոցառումներըշ որոնք «Բարօրար Պետութեան» (Welfare State) մը կեցուածքէն կը բխին։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դրամատիրական կառուցուածքին մէջ Տէմոքրաթ կուսակցութիւնը «ընկերվարական» կուսակցութիւն մը չէ եղած ու չէ , թէեւ հատ ու կենտ անդամներ այդպիսի ուղղութիւն մը կը ջատագովեն։  Այսուհանդերձ, Տէմոքրաթ կուսակցութիւնը ԱՄՆ-ի 32-րդ Նախագահ  Ֆրանքլին Տըլէնօ Ռուզվելթի (Franklin Delano Roosevelt, 1882-1945) շունչին տակ 1939 թուականներէն սկսեալ վարած է տնտեսական եւ ընկերային այնպիսի քաղաքականութիւն մը որուն  արմատները կը գտնուին «ընկերվարական» մտածելակերպին մէջ առանց իւրացնելու անոր գաղափարախօսութիւնը ։ Այդ ընկերային եւ տնտեսական  մտածելակերպը տակաւին մաս կը կազմէ Տէմոքրաթ կուսակցութեան  քաղաքական օրակարգին ։ Հետեւաբար, ներկայիս ան միակ կենդանի ուժն է որ կրնայ  արգելք հանդիսանալ «ծայրայեղ աջակողմեան» շարժումի ծրագիրներուն եւ անհանդուրժողական մթնոլորտի արդիւնք եղող որոշումներուն որոնք կը սպառնան Ամերիկացի քաղաքացիի բարօրարութեան։

Այսպիսի պայմաններուն մէջ յառաջիկայ 5 Նոյեմբեր 2024 թուականին կայանալիք  նահանգային, դաշնակցային եւ նախագահական ընտրութիւնները բախտորոշ պիտի ըլլան , եւ անոնք մեծ մասամբ կախում պիտի ունենան ընտրողներու հասուն եւ գիտակից մօտեցումէն, համաքաղաքացիի հանդէպ իրենց ունեցած յանձնառութեան եւ փոխադարձ համակրանքի, հոգատարութեան եւ նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութենէն , եւ ձեռք ձգուած  ու երկար պայքարի եւ ջանքի արդիւնք եղող հաւաքական եւ համայնքային բնոյթ ունեցող ընկերային շահերը պաշտպանելու կամքէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment