Հայաստանը դեռ պատասխան չէ ստացած Ատրպէյճանէն աւելի վաղ կատարուած առաջարկին՝ մէկ ամիսէն ամփոփել եւ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը։
Այս մասին Վիլնիւսի մէջ՝ իր լիթուանացի գործընկերոջ հետ ճեպազրոյցին ժամանակ, ըսած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
«Երեւանը կարեւոր է համարում համաձայնագրի կնքման շուրջ բանակցութիւնների աւարտը եւ իր հերթին պատրաստ է այն ստորագրել մէկ ամսում»,- յիշեցուցած է նախարարը՝ ընդգծելով. «Բացի այն, որ Պաքուն դեռ չի արձագանգել, նաեւ նոր պահանջներ է առաջադրում, որոնք առնուազն հարցեր են առաջացնում Ատրպէյճանի անկեղծութեան եւ տարածաշրջանում խաղաղութեան հասնելու ցանկութեան առումով»:
Յիշեցնենք՝ Յունիս 12-ին Ազգային Ժողովին մէջ՝ լրագրողներու հետ զրոյցին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ Խաղաղութեան պայմանագրի՝ այս պահուն եղած բնագիրը բաւականին հասունցած է, եւ Հայաստանը պատրաստ է մէկ ամսուայ ընթացքին ստորագրելու զայն: