Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Տեղակալ Ռիչըրտ Վերման

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Տեղակալ Ռիչըրտ Վերման

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ռիչըրտ Վերման:

Վարչապետը կարեւորած է Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան հետեւողական զարգացումն ու բազմաոլորտ համագործակցութեան խորացումը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Վերմայի այցը պիտի նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսական զօրեղացման միտուած ծրագրերու, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մակարդակով յարաբերութիւններու ընդլայնման:

Ռիչըրտ Վերման շեշտած է ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը՝ ամրապնդելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ տեղական մարմիններուն եւ համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են այս տարուայ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, վերջերս կառավարութեան կողմէ հաստատուած Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանային ապահովման ծրագրի իրականացման շուրջ: Վերջինիս առնչութեամբ վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment