Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբերուն Ներկայացուած Են Փտածութեան Դէմ Պայքարի Պայմանադրութեան Շրջանակին Մէջ Հայաստանի Բարեփոխումները

ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբերուն Ներկայացուած Են Փտածութեան Դէմ Պայքարի Պայմանադրութեան Շրջանակին Մէջ Հայաստանի Բարեփոխումները

by MassisPost

Արդարադատութեան նախարարութեան հակափտածութեան քաղաքականութեան մշակման եւ դիրտորդական վարչութեան պետ Լառա Պետրոսեան Վիեննայի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի Փտածութեան դէմ պայքարի պայմանադրութեան անդամ երկիրներու համաժողովի կիրարկման վերանայման, հաշիւներու վերականգնման եւ Միջազգային համագործակցութեան հարցերով աշխատանքային խումբերու հանդիպումներուն։

ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ Լառա Պետրոսեանը համաժողովին հանդէս եկած է որպէս բանախօս եւ ներկայացուցած է Փտածութեան դէմ պայքարի պայմանադրութեան կիրարկման ուղղուած Հայաստանի մէջ իրականացուած լայնածաւալ հակափտածութեան բարեփոխումները։ Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը անդրադարձած է միջազգային դիտորդական մեխանիզմներու կարեւորութեան եւ վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ պատշաճ իրականացնելու ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները։

Լառա Պետրոսեանը ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Փտածութեան դէմ պայքարի պայմանադրութեան կիրարկման մեխանիզմի 2-րդ փուլի շրջանակին մէջ դիտարկուող թեմաներու եւ թեմատիկ յաջորդականութեան վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումն ու առաջարկները՝ ընդգծելով գնահատման զեկոյցի արդիական ըլլալու եւ պետութեան մէջ իրականացուած վերջին բարեփոխումները պատշաճ արտացոլելու անհրաժեշտութիւնը։

ՄԱԿ-ի Փտածութեան դէմ պայքարի պայմանադրութեան կիրարկման ընթացքի վերանայման մեխանիզմի 1-ին փուլի 1-ին շրջափուլի շրջանակին մէջ գնահատուած են ՀՀ կողմէ Պայմանադրութեան 3-րդ (քրէականացումը եւ իրաւապահ գործունէութիւնը) եւ 4-րդ (միջազգային համագործակցութիւնը) գլուխներու դրոյթներու կատարումը։ 2-րդ շրջափուլի շրջանակին մէջ գնահատուած է Պայմանադրութեան 2-րդ (կանխարգիլման միջոցներ) եւ 5-րդ (հաշիւները վերադարձնելու միջոցները) գլուխներու կատարումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment