Համաշխարհային ռազմական սարքի ամենաժամանակակից նմուշներէն՝ «Կեսար» թնդանօթները նախագծուած են ֆրանսական Nexter Systems ընկերութեան կողմէ։
155 մմ հաուպիցը արդիւնաւէտ կը համադրուի ինքնագնաց հարթակի հետ։ «Կեսար»-ը կրնայ կրակել մինչեւ 50 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ շարժիլ մինչեւ 80 քմ/ժ արագութեամբ:
GPS համակարգը եւ հեռակառավարման հնարաւորութիւնները կ’ապահովեն բարձր ճշգրտութիւն եւ անվտանգութիւն մարտադաշտին մէջ։ Բացի անկէ, ինքնաձիգ կրակային համակարգը թոյլ կու տայ կրակել վաձրկեանի մէջ մինչեւ 6 հրթիռ:
Հաուպիցը նախատեսուած է տարբեր ռազմավարական գործողութիւններու համար։ Այն կրնայ օգտագործուիլ ինչպէս յարձակողական, այնպէս ալ պաշտպանական նպատակներով։ Իր հզօրութեան եւ շարժունակութեան շնորհիւ կը բարձրացնայ մարտական գործողութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը։
Այս հաուպիցը լայնօրէն կ’օգտագործուի տարբեր երկիրներու մէջ՝ Ֆրանսայէն մինչեւ Սէուտական Արաբիա։
Հաուպիցը ունի շարք մը առանձնայատկութիւններ. այն հեշտութեամբ կրնայ փոխել մարտական դիրքերը՝ արագ արձագանգելով մարտադաշտին մէջ փոփոխուող իրավիճակին։ Յագեցած է պալիստիկ պաշտպանութեան համակարգով, որ կը պահպանէ անձնակազմը վտանգաւոր իրավիճակներու մէջ։ Օգտագործման համար կը պահանջէ նուազագոյն անձնակազմ, ինչ որ կը բարձրացնէ անոր արդիւնաւէտութիւնը եւ կը նուազեցնէ մարդկային միջոցներու օգտագործումը։
Հայաստանը Քանի CAESAR Թնդանօթ Ձեռք Պիտի Բերէ Ֆրանսայէն
Հայաստանը, Ֆրանսայի հետ կնքուած պայմանագրին համաձայն, ձեռք պիտի բերէ 36 CAESAR թնդանօթ։ Այս մասին X-ի իր էջով յայտնած է ֆրանսական «Le Figaro» ամսագրի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պյուիսոնը։
«Ատրպէյճանէպ պաշտպանութիւնը ամրապնդելու համար Հայաստանը 36 CAESAR թնդանօթ ձեռք բերած է Ֆրանսայէն, որոնք պէտք է մատակարարուին յառաջիկայ 15 ամիսներու ընթացքին»,- գրած է Պյուիսոնը։