Յունիս 18-ին EUROSATORY ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ GICAT (Ֆրանսայի պաշտպանութեան եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կազմակերպութիւն) տաղաւարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանս-հայկական համաժողով՝ նուիրուած Հայաստանի պաշտպանական կարիքներուն եւ Ֆրանսայի հետ ընթացիկ համագործակցութեան։
Համաժողովին պիտի մասնակցին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, GICAT-ն ու անոր անդամները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան առեւտրաարդիւնաբերական պալատի անդամները։