Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ցուցարարներուն Կը Յորդորենք Հաւաքները Իրացնել Պատասխանատու Կերպով՝ Զերծ Մնալով Բռնութիւն Դրսեւորելէ. ԱՄՆ Դեսպանատուն

Ցուցարարներուն Կը Յորդորենք Հաւաքները Իրացնել Պատասխանատու Կերպով՝ Զերծ Մնալով Բռնութիւն Դրսեւորելէ. ԱՄՆ Դեսպանատուն

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ կը հետեւին Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն եւ ցուցարարներուն կը յորդորեն հաւաքների ազատութեան իրենց իրաւունքը իրացնել պատասխանատու կերպով՝ զերծ մնալով բռնութիւն դրսեւորելէ։

Միաժամանակ դեսպանատունէն յաւելած են, որ քաղաքական տարաձայնութիւններու լուծումը կ’ապահովուի ժողովրդավարական գործընթացներու միջոցով։

«Մենք նաեւ կը խրախուսենք իրաւապահներուն հասարակական կարգի պահպանումը իրականացնել քաղաքացիներու խօսքի եւ հանրահաւաքներու ազատութեան իրաւունքի ապահովմամբ եւ քննութիւն իրականացնել բոլոր այն միջադէպերով, որոնց ընթացքին տեղ գտած են ընթացակարգերու հնարաւոր խախտումներ, այդ շարքին՝ ցոյցերը լուսաբանող լրագրողներու հետ կապուած»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment