Ուաշինկթըն կ’աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, Երեւանի մէջ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուղար Ճէյմզ Օպրայընը։
«Մենք կ’աշխատինք նաեւ տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական ծով, եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այդ հնարաւորութիւնները աւելի լայն պիտի ըլլան։ Եւ մենք ուրախ ենք այդ ասպարէզին մէջ աջակցիլ ջանքերուն»,- նշեց Օպրայըն։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը իր հերթին շեշտեց՝ Միացեալ Նահանգները մեծ ներուժ ունի նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման։ Վերահաստատեց՝ Հայաստանը հաւատարիմ է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ սահմանազատման՝ Ալմա-աթայի հռչակագրով տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին՝ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնականացնելու իրական ու պատմական հնարաւորութիւն կայ։ Արարատ Միրզոյեանը, սակայն, չմանրամասնեց ո՞րն է այդ համոզման հիմքը։
«Որպէս խաղաղութեան օրակարգի եւ տարածաշրջանային զարգացման տեսլականի մաս՝ Հայաստանը նաեւ մեծապէս շահագրգռուած է բոլոր տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններն ապաշրջափակելու հարցում՝ հիմնուած երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիակատար յարգման, իրաւահաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքների վրայ։ Դա լաւագոյնս արտայայտուած է մեր կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մէջ»,- ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ընթացքին Պետական Քարտուղարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Ուաշինկթընն ու Երեւանը կը շարունակեն աշխատիլ պաշտպանութեան, անվտանգութեան հարցերու մէջ։ Օպրայըն յիշեցուց, որ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հետ համատեղ՝ «Արծիւ» զօրավարժութիւնը կատարեցին։ Այդ նպատակով Սեպտեմբերին ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներ ժամանած էին Երեւան։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարն ալ իր խօսքին մէջ շեշտեց անցած աշնան տեղի ունեցած հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններուն կարեւորութիւնը։
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան նախորդ նիստը 2022 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած էր։ Կողմերը վերահաստատած էին իրենց յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու երկկողմ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով։