ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանի խօսքով՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ պարբերաբար տարբեր յայտարարութիւններ կը հնչեն, որոնք օգտակար չեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն համար:
Այս մասին ան ըսաւ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ:
«Ակնյայտ է, որ խնդիրներ կան այդ յարաբերութիւններում: Ցանկութեան դէպքում ամէն ինչ էլ հնարաւոր է յաղթահարել, բայց ինքնանպատակ չպէտք է լինի այդ յաղթահարումը: Յաղթահարումը ենթադրում է նաեւ խնդիրների լուծում»,- նկատեց Ռուբինեան:
Ռուբէն Ռուբինեան ԱԺ-ին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձաւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւններուն։
Ան նկատեց․ «ՀՀ Սահմանադրութիւնը, դրա փոփոխութիւնները կամ չփոփոխութիւնները Հայաստանի ներքին գործն են, եւ դա չի կարող լինել բանակցային օրակարգ»:
Վերջինս միաժամանակ ըսաւ՝ կառավարութիւնը կը համարէ, որ մօտ են «Խաղաղութեան Պայմանագրի» բնագիրը վերջնականացնելուն։
«Մենք մեր կողմից պատրաստ ենք շատ արագ ամբողջականացնել այն եւ ստորագրել: Բնականաբար, այն փաստը, որ այսօր չենք ստորագրում, նշանակում է, որ ամբողջականացուած չէ: Եթէ հնարաւորութիւն լինէր ամբողջովին՝ 100 տոկոսով ամէն ինչի շուրջ համաձայնութեան գալ, արդէն ստորագրած կը լինէինք»,- նշեց ան։
ԱԺ նախագահի տեղակալին խօսքով՝ եթէ ատրպէյճանական կողմէ ըլլայ կառուցողական մօտեցում, «Խաղաղութեան Պայմանագրի» ստորագրումը հնարաւոր է վաղը։