Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեանը Ազգային Ժողովի հերթական նիստի ընթացքին քննարկման ներկայացուց 2023 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին Աթէնքի մէջ ստորագրուած՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը:
Սոյն համաձայնագրին նպատակն է ընդլայնել եւ խորացնել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան գործընթացը:
«Համաձայնագրով սահմանւում են ռազմատեխնիկական բնագաւառում համագործակցութեան ուղղութիւնները, անհրաժեշտ մասնագէտների եւ տեխնիկական անձնակազմի պատրաստման գործընթացը, ռազմատեխնիկական ոլորտում գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններին աջակցութիւնը, համագործակցութեան իրականացման միջոցները»,- յայտնեց ան:
Անոր խօսքով՝ համագործակցութեան ուղղութիւններ պիտի հանդիսանան զէնք, զինամթերք եւ պայթուցիկ նիւթեր արտադրելու նպատակով արհեստագիտութիւններու փոխանցումը եւ տեխնիկական աջակցութիւնը, զինամթերքի արտադրութեան ոլորտին մէջ տեղեկատուութեան եւ փորձի փոխանակում, ռազմական նշանակութեան ապրանքներու եւ անոնց արտադրութեան ոլորտին մէջ հետազօտութիւններու իրականացումը, անոնց արտադրութեան նպատակով համատեղ կազմակերպութիւններու հիմնումը, ինչպէս նաեւ կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ այլ ոլորտներ:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ դրոյթներ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան իրականացման միջոցներու վերաբերեալ, այդ շարքին՝ տեխնիկական անձնակազմի վերապատրաստում, երրորդ երկիրներու մէջ արտադրուած ռազմական նշանակութեան ապրանքներու վերանորոգման եւ շահագործման հետ կապուած ծառայութիւններու մատուցում։ Անոր շրջանակներուն մէջ երրորդ կողմերուն համատեղ աշխատանքի արդիւնքներու եւ սարքաւորումներու վաճառքը իրականացնելու, ինչպէս նաեւ արտադրման թոյլտուութեան տրամադրման համար պիտի պահանջուի երկու կողմերուն նախնական գրաւոր համաձայնութիւնը, ընդ որում, անոնց՝ երրորդ կողմերուն հասանելիութիւնը պիտի կարգաւորուի առանձին համաձայնագրերով: