Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ Եւրոպայի Եւ Եւրասիոյ հարցերով պետական փոխքարտուղար Ճէյմզ Օպրայընը:
Վարչապետը կարեւորած է ՀՀ-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի կայացումը Երեւանի մէջ եւ համոզմունք յայտնած է, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ բազմաոլորտ փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ու ամրապնդման: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է ԱՄՆ-ի հետեւողական աջակցութիւնը ուղղուած Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն: Վարչապետը նշած է, որ կարեւոր է Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ՀՀ-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնաւէտ կեանքի կոչումը:
Ճէյմզ Օպրայընը գոհունակութեամբ շեշտած է, որ նիստը անցած է արդիւնաւէտ՝ աւելցնելով, որ ԱՄՆ վարչակազմը պիտի շարունակէ աջակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան՝ տարբեր ուղղութիւններով բարեփոխումները յառաջ մղելու նպատակով:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներուն, Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացին, ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին ու անոր սկզբունքներուն:
Վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանային ապահովման ծրագիրը եւ անոր իրականացման գործին մէջ ընդգծած է միջազգային գործընկերներու աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը: