ՀԱՊԿ-ի ընթացիկ տարուայ պիւճէն կը պահանջէ վերանայումներ՝ պայմանաւորուած անդամավճարէն Հայաստանի ղեկավարութեան հրաժարմամբ, յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը։
«Այժմ կը մշակուի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի համապատասխան որոշման նախագիծը: Միաժամանակ, չի խօսուիր անդամավճարի վերաբաշխման մասին»,- նշած են Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն։
Գերատեսչութիւնը պարզաբանած է, որ ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը եւ ՀԱՊԿ միացեալ շտաբը կրճատած են ծախսերը ի հաշիւ այն բանին, որ Երեւանը ետ կանչած է կամ «չէ նշանակած իր աշխատակիցները պաշտօններուն»։ Քարտուղարութիւնը պիտի օգտագործէ առկայ պահեստները՝ բնականոն դրութեամբ գործունէութիւնը շարունակելու համար:
Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն ընդգծած է, որ Երեւանը կը պահպանէ ֆինանսական պարտաւորութիւնները ՀԱՊԿ կանոնադրութեան համապատասխան, եւ ընդգծած է, որ միջազգային կազմակերպութիւններու ֆինանսական կարգապահութիւնը կը պահպանուի՝ անկախ իր անդամակցութիւնը կասեցնելու կամ դադրեցնելու կողմերէն մէկուն ցանկութենէն: