Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հերիք Եղաւ Մեզի Սպառնան. Սիմոնեանը՝ Կալուզինի Յայտարարութիւններուն Մասին

Հերիք Եղաւ Մեզի Սպառնան. Սիմոնեանը՝ Կալուզինի Յայտարարութիւններուն Մասին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը անհեթեթ կ’որակէ Մոսկուայէն հնչած հերթական յայտարարութիւնը, որ եթէ Հայաստանը անվտանգութեան վերաբերող զգայուն տեղեկատուութիւնը հասանելի դարձնէ արեւմտեան պետութիւններուն, այդ կրնայ անդառնալի հարուած հասցնել Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն:

«Նախ խնդրում եմ դադարել մեզ սպառնալ, հերիք եղաւ մեզ սպառնան, երկրորդը՝ հերիք եղաւ ՀԱՊԿ-ի մասին խօսել, երբ որ ՀԱՊԿ-ի մասին խօսում են, ՀԱՊԿ-ի մասին խօսելիս թող գան, ասեն՝ ՀԱՊԿ-ի սահմանը որտեղով է անցնում ու ինչ պարտաւորութիւններ ունեն թէ՛ որպէս ՀԱՊԿ գործընկեր, թէ՛ որպէս Հայաստան-Ռուսաստան պայմանագրի կողմ։ Հերիք են մեր ինքնիշխան տարածքի հետ կապուած նման յայտարարութիւնները»,- լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ խորհրդարանի ղեկավարը։

Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը, մասնաւորապէս, զգուշացուցած էր, թէ «Հայաստանի չմտածուած քայլերը, որոնք արեւմտեան երկիրներուն համար կ’ապահովեն ազգային տուեալներու պահեստներ եւ երկրի անվտանգութեան համար զգայուն տեղեկութիւններու ամբողջական հասանելիութիւն, ոչ միայն կը սպառնան պետութեան ինքնիշխանութեան, այլեւ կրնան առարկայականօրէն անհնար դարձնել Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ այլ դաշնակիցներու հետ միասնական պաշտպանական տարածքի կառուցման համատեղ աշխատանքին վերադառնալը»:

Հայաստանը որեւէ երկրի հետ բանակցութիւն չի վարեր, չի քննարկեր որեւէ ռազմախարիսխ տեղադրելու կամ ռազմավարական որեւէ դաշինքի միանալու վերաբերեալ հարց, յաւելեց Ալէն Սիմոնեանը. «Ի՞նչ տեղեկութիւններ պէտք է հասցնենք։ Անհեթեթ է։ Հերիք է մեզ հետ կապուած նման հռետորաբանութեամբ խօսել, հերիք է մեզ սպառնալ ուղիղ եւ անուղղակի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment