Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բացի Տարածաշրջանի Ապակայունացումէն, Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութենէն Սպասելու Ոչինչ Կայ. Զախարովա

Բացի Տարածաշրջանի Ապակայունացումէն, Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութենէն Սպասելու Ոչինչ Կայ. Զախարովա

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութենէն, բացի արտաքին քաղաքական իրավիճակի ապակայունացումէն եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան այլ ասպարէզի վերածումէն, այլ բան պէտք չէ սպասել։

Այս մասին հերթական ճեպազրոյցին ընթացքին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ ռուսական կողմը Փարիզին ծանուցա՞ծ է, որ եւրոպացի դիտորդներէն կը կասկածի լրտեսութեան համար։

Ինչպէս նշած է Զախարովան, Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն Ֆրանսային չէ տեղեկացուցածլրտեսութեան կասկածներու մասին։ Անոր խօսքով՝ Մոսկուան հրապարակաւ եւ բացայայտ խօսած է Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան նկատմամբ իր բացասական վերաբերմունքին մասին։

«Մենք բազմիցս մեկնաբանած ենք Հայաստանի տարածքին ԵՄ-ի այս կիսառազմական ներկայութեան մասին, ապացոյցներ փնտռելու կարիք չկայ. անոնք ակնյայտ են: Այս առաքելութիւնը աւելի ու աւելի ակնյայտ կը դառնայ, երբ անոնք սկսան միանալ անոր ԵՄ անդամ չհանդիսացող ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն»,- ըսած է ռուս դիւանագէտը:

Ան նշած է, որ տարածաշրջանը արդէն անկայուն է, սակայն հնարաւորութիւն կայ կայունացնելու իրավիճակը, կարգաւորելու երկարաժամկէտ ճգնաժամը, որպէսզի բացուին մարդոց միջեւ մարդասիրական հաղորդակցութեան եւ տնտեսական զարգացման բոլոր հնարաւորութիւնները։

Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը վստահ է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր հարցերը պէտք է եւ կրնան լուծուիլ տարածաշրջանային երկիրներու հաւաքական ջանքերու հիման վրայ՝ բացառապէս իրենց շահերէն ելլելով եւ առանց արտաքին միջամտութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment