Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Յանձնաժողովը Դրական Եզրակացութիւն Տուած Է Հայաստան-Յունաստան Ռազմատեխնիկական Համաձայնագրի Վաւերացման

ԱԺ Յանձնաժողովը Դրական Եզրակացութիւն Տուած Է Հայաստան-Յունաստան Ռազմատեխնիկական Համաձայնագրի Վաւերացման

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուած է անցեալ տարեվերջին Հայաստանի ու Յունաստանի միջեւ կքնուած ռազմատեխնիկական համաձայնագրի վաւերացման։ Փաստաթուղթին համաձայն՝ Աթէնքն ու Երեւանը կը ծրագրեն համագործակցիլ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։

Թէ մասնաւորապէս ի՞նչ զինատեսակներու արտադրութեան համար, չի բացայայտուիր։ Հայաստանն ու Յունաստանը փաստաթուղթով հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրարու ռազմական արհեստգիտութիւններ փոխանցելու, գիտարուեստական աջակցութիւն տրամադրելու եւ մասնագիտական կրթութիւն, վերապատրաստում իրականացնելու։

Երկու երկիրները այս համաձայնագրով հնարաւորութիւն պիտի ունենան նաեւ ռազմական նշանակութեան համատեղ ձեռնարկութիւններ հիմնելու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment