Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քահանայ Մը, Որ Փայտէ Սուր Կը Ճօճէ ՍԴՀԿ-ին Դէմ

Քահանայ Մը, Որ Փայտէ Սուր Կը Ճօճէ ՍԴՀԿ-ին Դէմ

by MassisPost

Տ․ Արարատ քհնյ. Պօղոսեան Դիմատետրի իր էջին մէջ երկարաշունչ գրութիւն մը տեղադրած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Համբիկ Սարաֆ­եանի Երեւանի մէջ հանրային հեռուստատեսութեան միջոցով հեռարձակուած հար­ցազրոյցներուն դէմ։ Վերջինս հանրութեան կը պարզէ իր կուսակցութեան առողջ կեց­ուածքը սատար կանգնելու հայոց պետականութեան հզօրացման եւ Հայաստանի սահմաններուն եւ խաղաղ երկինքին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ կատարուած անդուլ եւ դժուարին ջանքերուն։ այսօրուան աշխարհաքաղաքական պայթիւնավտանգ իրավիճակէն մեկնելով, այլընտրանքային տարբերակներու բացա­կայութեան պարագային, ան կը գնահատէ Հայաստանի իշխանութեանց վարած իրա­պաշտական արտաքին քաղաքականութիւնը՝ թէկուզ նուազագոյն վնասներով կան­խարգիլել կարենալու համար Հայաստանի գոյութեան եւ ընդհանրապէս հայոց պետա­կանութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը։

Տէր հօր ջղուտ ելոյթը մեզ բնաւ չի զարմացներ։ Ակնյայտ է, որ ան «Որոտմանց որդի­ներու» ինքնակոչ նախանձայուզութիւնը ստանձնած է՝ իր համագիւղացի վերադասէն կորզելու համար ականակուռ լանջախաչ կամ առնուազն ծաղկեայ փիլոն մը։ Բացա­յայտ իրականութիւն է, որ Հայ եկեղեցւոյ վերնախաւը սերտաճած էր Հայաստանի նախկին քաղաքական իշխանութեանց աւազակաորջին հետ։ Եպիսկոպոսներ մեծա­պէս կ՛օգտուէին պետական առանձնաշնորհումներէ՝ դիւանագիտական անցագիր ունենալու եւ սեփական շահութաբեր հիմնարկներ տնօրինելու կարելիութենէն։ Փաս­տօրէն պետական նախկին վերնախաւը թոյլ կու տար, որ իր գողօնէն օգտուի նաեւ սրբազան աւազակաորջը։

2018 թուականի թաւշեայ յեղափոխութիւնը զսպաշապիկ մը հագցուց նաեւ եկեղեցւոյ շրջանակներուն մէջ բոյն դրած յուդայական արծաթասիրութեան եւ յղփութեան։ Բնականաբար եկեղեցւոյ վերնախաւը, երեսուն արծաթի այս ինքնածախ մեղքի միջնորդները, հաշտ աչքով պիտի չդիտէին Հայաստանի քաղաքական նոր իշխանութիւններուն մեկնարկած պայքարը երկրին մէջ տիրող համատած կաշառակերութեան դէմ։ Ուստի 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան եւ Արցախի հայաթափումին առիթը չարաշա­հելով որոշ եպիսկոպոսներ ինքնակամաբար իրաւունք վերապահեցին հանրութեան մէջ ՀՀ վարչապետին եւ ընդհանրապէս քաղաքական իշխանութեան դէմ հանդէս գալու ամենատգեղ ելոյթներով, որոնք ամենեւին յարիր չէին իրենց հոգեւոր կոչումին։ Այլան­դակ թիրախաւորումներու, ամբաստանութիւններու, անձնական վիրաւորանք­ներու եւ «մասամբ նորին»-ներու յարաճուն շարքն այսպէս չաւարտեցաւ, երբ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդը ժանգոտ տէգ ու վահան մը ձեռքին արշաւելու սկսաւ ՀՀ քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութեան կողմէ օրինապէս ընտրուած վարչապետին դէմ՝ պահանջելով իշխանափոխութիւն մը։ Զաւեշտալին այն էր, որ եկեղեցականը բացառապէս ինքզինք կը տեսնէր վարչապետի պաշտօնին միակ եւ արժանահաւատ թեկնածու։ Առաւել եւս զաւեշտալին այն էր, որ իբրեւ թէ Մայր Աթոռը աղերս մը չունի իրեն ենթակայ արքեպիսկոպոսին նախաձեռնած այս արշաւին հետ, հետեւաբար ան ոչ թէ կարգալոյծ կը հռչակէ զայն, այլ պարզապէս կը սառեցնէ անոր առաջնորդի վարչական պաշտօնը։ Արդեօ՞ք Մայր Աթոռը կ՛անկնկալէ իր եկեղեցականին նախաձեռնած խաչակրաց նորաթուխ արշաւանքին յաջողութիւնը՝ սառեցուցածը վերստին ջերմացնելու համար։ Եկեղեցւոյ աւելի քան երկհազարամեայ պատմութեան մէջ «եկեղեցական պաշտօն» սառեցնելու հասկացութիւն գոյութիւն չէ ունեցած։ Բայց հնարամիտ ըլլալու աճպարա­րութիւնը մերօրեայ եկեղեցականներուն ի վերուստ տրուած շնորհ մըն է, իսկ կրկէսի հայելիներ ստեղծելու վարպետութիւնը կը հանդիսանայ մին անոնց ստեղծագործ ար­դիւնականութեան արգասիքներէն։ Վա՛յ անոր, որ կը նայի կրկէսի այդ անճոռնի հայե­լիին մէջ։

Հայաստանի հայ կղերը, յարգելով հանդերձ անոր մէջ բացառութիւն կազմող արժանա­շնորհ եկեղեցականները, պէտք է քաջ գիտնայ, որ միջնադարեան խաւարամտութիւնն ու կղերաֆէոտալական կարգերը շատոնց անցած են եւ մեր հայրենիքը սահմանադրա­կան ու գերազանցապէս ժողովրդավարական երկիր մըն է։ Հայաստանի քաղաքացինե­րուն ճնշող մեծամասնութեան քուէարկութեամբ ամրագրուած է օրինակարգուած հա­սարակարգ մը եւ այնուհետեւ կարելի չէ անցեալի մնացուկէն որեւէ կրօնապետութիւն միապետական իր գորշ երանգով արդի իրականութեան վերածել։

Բացայայտ է, որ այսօր Հայ եկեղեցին, առնուազն Եկեղեցիին վերնախաւը, շեղած է իր հոգեւոր-բարոյական քարոզութեան առաքելաշաւիղ ծիրէն՝ ինքզինք ներգրաւելով քաղաքական դաշտ։ Քաղաքականութեամբ զբաղիլ եւ ատելավառ քարոզարշաւ մղել հայրենի պետական իշխանութեան դէմ՝ ամենեւին իր գործունէութեան ասպարէզը  չէ։ Այսօրուան իրավիճակով մեր ազգը ամէն բանէ առաջ համազգային միութեան եւ գերազանցապէս խաղաղութեան հրամայական կարիքը ունի։ Հոն, ուր Եկեղեցին սիրոյ վարդապետութեան կարեւորագոյն դերակատարութիւնը պէտք է ստանձնէր՝ սէր սերմանելու հոն, ուր ատելութիւն կայ, ներում շնորհելու հոն, ուր վիրաւորանք կայ, միութիւն բերելու հոն, ուր տարակարծութիւն կայ, ճշմարտութիւն բացայայտելու հոն, ուր սխալ կայ, հաւատք ներշնչելու հոն, ուր կասկած կայ, յոյս տալու հոն, ուր յուսահա­տութիւնը կ’ընկճէ, լոյս սփռելու հոն, ուր խաւարը կ’իշխէ, մխիթարութիւն բերելու հոն, ուր տրտմութիւնը արցունք կը քամէ, յօժարակամ քար դարձաւ մեր ազգային միաբա­նութիւնը պառակտող գայթակղութեան։

Մամոնային ծառաները հայրենասիրութեան դաս չեն կրնար կարդալ մեզի։ Տաւուշէն հողմաղացին դէմ արշաւող Տոն Քիշոթը չի կրնար Հայաստանի քաղաքացիներուն սթափ մեծամասնութիւնը նախանցեալ դարու ֆիդայական իր հոգեբանութեամբ ներ­գրաւել նոր արկածախանդրութեան մը մէջ, որ կրնայ ստոյգ ճակատագրական հետե­ւանք ունենալ մեր պետականութեան եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ապագային համար։ Ինք եւ իրեն նման փերեզակներ տեղ չունին մեր կայացած հասարակութեան մէջ։ Յանձնարարելի պիտի ըլլայ, որ ան եւ իր խաչակիր հաւատաքննիչները, այլեւ Էջմիածնի թալիպանները իսկոյն վերադառնան իրենց խուցերը եւ զբաղին ինքնապաշ­խարութեամբ՝ ի վերջոյ չմեղադրուելու համար պետական դաւաճանութեան մէջ։

Առանց կղերին ալ մենք կը հաւատանք Աստուծոյ գոյութեան եւ մաքուր կրօնի ու Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր-բարոյական առաքելութեան։ Նաեւ կը հաւատանք, որ հաւատքը լեռներ կը շարժէ, բայց գիտութիւնը զանոնք ետ իրենց տեղը կը բերէ։

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment