Հայաստանի վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը հերքած է ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Ահմետ Շաիրօղլուի գրառումը, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Նոյեմբերին պիտի այցելէ Պաքու՝ մասնակցելու COP29 գագաթաժողովին։
Նազելի Բաղդասարեանը ատրպէյճանցի քաղաքագէտի գրառման արձագանգած է՝ պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումին։
-Ատրպէյճանցի քաղաքագէտը X֊ի իր էջով յայտնած է, թէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 գագաղաժողովին։ Հաստատուա՞ծ է արդեօք վարչապետի օրակարգը։ Ան պիտի մասնակցի՞ Պաքուի մէչ ծրագրուած միջազգային այդ գագաթաժողովին։
-Փորձագէտը արտայայտած է իր անձնական ընկալումը, որ վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքային օրակարգին հետ ոչ մէկ կապ ունի: Վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքային օրակարգին մէջ նման այց չի ծրագրուիր: