Պաքուի մէջ դատարանը քննած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար, Պաքուի մէջ ապօրինի կլանաքի տակ պահուող Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ խափանման միջոցը երկարացնելու վերաբերեալ բողոքը։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն փոխանցմամբ՝ որոշումը ընթերցուած է Պաքուի Վերաքննիչ դատարանին մէջ տեղի ունեցած դատավարութեան ժամանակ, որոշման դէմ բողոքը չէ բաւարարուած։
Մայիս 16-ին Պաքուի դատարանը 5 ամիսով երկարաձգած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբեն Վարդանեանի կալանքը:
Յիշեցնենք՝ Ապրիլ 19-ին Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակէն յայտնել էին, որ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Վարդանեանը հացադուլ յայտարարած է՝ պահանջելով անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալները։
Հացադուլը ան սկսած էր 2024թ. Ապրիլ 5-ին, որ յաջորդած էր միջազգային իրաւական չափանիշերուն համապատասխան, ժամանակին եւ արդար ու թափանցիկ դատավարութիւն ապահովելու վերաբերեալ Վարդանեանի եւ անոր փաստաբանին բազմաթիւ դիմումներուն։
Ապրիլ 25-ին Ռուբէն Վարդանեանը դժկամութեամբ, բայց համաձայնած է ընդհատել հացադուլը․ անոր թոյլ տուած են խօսիլ կնոջ հետ: