Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը խորհրդակցութիւններու համար կանչուած է Մոսկուա:
Այս մասին կ’ըսուի Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ։
Ինչպէս կը նշուի Ռուսաստանի ԱԳՆ կայքին մէջ տեղադրուած փաստաթուղթին մէջ, «Մայիս 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը խորհրդակցութիւններու կանչուած է Մոսկուա»։