Home ՍՓԻՒՌՔ Փարիզի Մէջ Շարլ Ազնաւուրի Անունով Հրապարակ Անուանակոչուած Է

Փարիզի Մէջ Շարլ Ազնաւուրի Անունով Հրապարակ Անուանակոչուած Է

by MassisPost

Փարիզի քաղաքապետարանը առասպելական երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անունով անուանակոչած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքի 8-րդ թաղամասի հրապարակը, որ քաղաքի պատմական կեդրոնին է՝ Էլիզէի դաշտերուն մէջ։

Այս մասին յայտնած է BFMTV-ն:

Քաղաքային Խորհուրդը այդ կերպ որոշած է յարգանքի տուրք մատուցել Ազնաւուրին, որու երգերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւած է Փարիզը։

Արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառման ներկայ եղած են Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, Ազնաւուրի հարազատներն ու ընկերները։

Ազնաւուրի անունով հրապարակը անուանակոչելու որոշումը Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը ընդունած էր 2023 թուականի Դեկտեմբերին։ 2021 թուականին անոր կիսանդրին բացուած է Փարիզի Օտէոն թաղամասին մէջ, ուր Ազնաւուր անցուցած է իր մանկութիւնը։ Շարլ Ազնաւուրը կեանքէն հեռացած է 2018 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին: Ազնաւուրը ոչ միայն փայլուն արուեստագէտ էր, այլեւ՝ բանաստեղծ, երաժշտահան, որ ծնած էր Փարիզ՝ հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ:

Ազնաւուրը աւելի քան հազար երգի համահեղինակ է։ Անոր ձայնագրութիւնները ամբողջ աշխարհի մէջ վաճառուած են 180 միլիոն օրինակով: Ազնաւուրը խաղացած է աւելի քան 60 ֆիլմի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment