Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ժողովուրդը Պատրաստ Չէ Արկածախնդրութեան

Հայաստանի Ժողովուրդը Պատրաստ Չէ Արկածախնդրութեան

by MassisPost

Հոն ուր ձախողած էին քաղաքական ուժերը, ձախողեցան նաեւ եկեղեցականները, իրենց հետ միային արատաւորելով նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը: Բագրատ սրբազան Տաւուշէն դէպի Երեւան  ոտքով ուղղուելով փորձեց ընթանալ Նիկոլ Փաշանեանի քայլերով խորհելով, որ պիտի հասնի նոյն արդիւնքին՝ իշխանափոխութեան, չգիտակցելով որ 2018-ի հողը արդէն իսկ պատրաստ էր ու Հայաստանի ժողովուրդի ընդվզումը՝ նախորդ վարչակարգի նկատմամբ հասած էր իր գագաթնակէտին եւ երբ հրապարակի վրայ յայտնուեցաւ  քարիզմաթիկ գործիչ մը ժողովուրդը գնաց անոր ետեւէն ու թաւշեայ յեղափոխութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

Բագրատ սրբազանն ու իրեն աջակցող ուժերը դարձեալ չկարողացան ճիշդ ախտորոշում կատարել ու նախ հասկնալ Հայաստանի քաղաքացիներու բազկերակը:  Առաջին օրէն իսկ Շարժումին մօտ նկատուեցաւ լրջութեան ու քաղաքական ծրագրի ու հեռանկարի պակաս, որուն հետեւանքով Բագրատ սրբազանն ու իրեն աջակցող իրարամերժ ուժերը մատնուեցան այն նոյն ճակատագրին, որուն մատնուած էին  նախորդող՝ «դիմադրութեան», «Հայաստանի Փրկութեան» ու բազմաթիւ այլ անանուն շարժումները, որոնք իշխանափոխութեան նպատակով փողոց դուրս գալով մատնուեցան յուսախաբութեան:

Առաջին սխալը, որ գործեց Բագրատ սրբազանը եղաւ այն, որ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» կարգախօսով հրապարակ իջնելով ան յայտարարեց, որ իրենց նպատակն է կասեցնել սահմանագծման եւ սահմանազատմամ գործընթացը, սակայն Երեւան հասնելով ու Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեսնելով  մի քանի տասնեակ հազար ժողովուրդ, մոռացութեան մատնեց  Շարժումին բուն նպատակը ու անմիջապէս անցաւ իշխանափոխութեան պահանջին՝ պայմանաժամ  տալով ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչապետին՝ մէկ ժամուայ ընթացքին ներկայացնելու իր հրաժարականը: Այդ եղաւ առաջին մեխը, որ դրուեցաւ այս շարժումի դագաղին:

Այս առաջին սխալին յաջորդեցին խոստումներ, թէ Խորհրդարանէն ներս պիտի սկսին Վարչապետին անվստահութեան յայտնելու գործընթաց, որուն համար կը պակսի մէկ պատգամաւոր եւս, որպէսզի միանայ իրենց: Շարժումը սկսելէն մօտ երկու շաբաթ անց այդ մէկ պատգամաւորի փնտռտուքը տակաւին կը շարունակուի:

Երրորդ սխալը եղաւ այն, որ բեմէն հնչեցին անհանդուրժողութեան, սպառնալիքներու ու ատելութեան խօսքեր՝ փոխանակ ներկայացնելու  Շարժումի յստակ նպատակներն ու ծրագիրները, որոնց համար ժողովուրդը պէտք էր միանար իրենց: Հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին մէկ մասը իսկապէս ներկայ էր իմանալու  յստակ դիրքորոշումներ՝ երկրի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու մասին եւ նաեւ իմանալու Շարժումի առաջադրելիք թեկնածուի անունը: Այդ բոլորի մասին ոչինչ չլեսելով, յաջորդ հանրահաւաքներուն արդէն հրապարակը պարպուած էր: Իսկ, անհնազանդութեան՝ ճանապարհներ փակելու, գործադուլներ յայտարարելու եւ ուսանողական դասադուլներ կազմակերպելու կոչերը մնացին անպատասխան:

Ներկայիս Բագրատ սրբազան կը բաւարարուի փակ սրահներու մէջ հանդիպումներ կազմակերպելով ու Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մի քանի տասնեակ հոգիներու ներկայութեամբ քննարկումներ անցկացնելով, յոյս ունենալով, որ պիտի կարողանայ վերակենդանացնել օրըստօրէ մարող շարժումը:

Բագրատ սրբազան ունի նաեւ վարչապետ դառնալու յաւակնութիւններ, հակառակ որ, ան ըլլալով երկքաղաքացի չի կրնար ստանձնել այդ պաշտօնը: Հայաստանի Սահմանադրութեամբ յստակ արձանագրուած է որ, վարչապետը վերջին չորս տարիներուն պէտք է ըլլայ բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի:

Բագրատ սրբազան Երեւան հասնելու առաջին օրերուն իսկ յայտարարեց, որ ինք երկար սպասելու ժամանակ չունի եւ հարցերը պէտք է հանգուցալուծուին 7-10 օրերու ընթացքին: Իր իսկ կողմէ սահմանուած այդ պայմանաժամը վաղուց աւարտած է  եւ եկած է ժամանակը, որ ան վերադառնայ իր հոգեւոր առաքելութեան՝ քաղաքականութիւնը ձգելով կուսակցութիւններուն:

Պարգեւ սրբազանին պատճառաւ  Եկեղեցին որպէս հոգեւոր հաստատութիւն մեծ բան կորսնցուց իր վարկէն եւ այժմ օրակարգի վրայ սկսած է յայտնուիլ եկեղեցականներուն շնորհուած արտօնութիւններու հարցը: Արդէն իսկ կը լսուն ձայներ, թէ երբ եկեղեցին մուտք գործէ քաղաքականութեան մէջ, պետութիւնն ալ իրաւունք պիտի ունենայ մուտք գործելու եկեղեցւոյ գործերուն մէջ՝ զայն զրկելով որոշ արտօնութիւններէ:

Նման շարժումներու յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը ժողովրդային լայն աջակցութիւնն է՝ բան մը որուն պակասը  զգալի էր հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ սկսած շարժումի ընթացքին եւ ի յայտ եկաւ այն« որ Հայաստանի ժողովուրդը՝ իշխանութիւններուն հանդէպ իր ունեցած բազում դժգոհութիւններով հանդերձ, պատրաստ չէ երթալու արկածախնդիրներու ետեւէն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment