Մոսկուայի մէջ չեն գիտեր, թէ որ երկիրները նկատի ունէր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ խօսելով 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ Հայաստանին «օգնել ձեւացնելու» մասին, սակայն կը կարծեն, որ նման յայտարարութիւնները պէտք է հասցէական ըլլան եւ «պէտք է նշուին այդ երկիրները»։ Այսպէս արձագանգած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ՀՀ վարչապետի՝ խորհրդարանին մէջ կատարած յայտարարութեան, եւ յիշեցուցած Ռուսաստանի դերը պատերազմի դադրեցման գործին մէջ։
«Մենք պէտք է գուշակե՞նք, թէ՞ յետոյ մեզի կը պատմեն: Շատ տրամաբանական պիտի ըլլար անոնց մասին հնչեցնել, եթէ խօսքը նման լուրջ յայտարարութիւններու մասին է»,- ըսած է Զախարովան:
Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանը ժամանակին «ըրած է ամէն հնարաւորը», ինչի մասին յայտարարած է նախագահ Վլատիմիր Փութինը, «որպէսզի Հայաստանը իրեն լքուած ու մոռցուած չզգայ»։
«Զինադադարի կնքման հնարաւորութիւնը կար 2020 թուականի Հոկտեմբերին: Այդ ժամանակ Ռուսաստանի նախագահը համոզած էր Ատրպէյճանի նախագահին դադրեցնել պատերազմը, ան պատրաստ էր անոր, բայց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Վովաեւիչ Փաշինեանը պնդեց շարունակել ռազմական գործողութիւնները»,- ըսած է Զախարովան։
Ան յստակացուցած է, որ «այս ամէնը ի վերջոյ յանգեցուցած է Շուշիի գրաւման եւ Ստեփանակերտ տանող ճանապարհի բացման»։
Զախարովայի խօսքով՝ Ռուսաստանի նախագահի անձնական ներգրաւուածութեան շնորհիւ կարելի եղաւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին կողմերը բերել եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման։ Ռուսաստանը այս փաստաթուղթը կը համարէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման կայուն գործընթացին այլընտրանք չունեցող ճանապարհային քարտէզ։