Հայ-թրքական սահմանի Մարգարայի անցակէտին ընդհանուր նորոգումը ամբողջութեամբ աւարտած է, հաղորդած է Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն։
Ըստ Կոմիտէին՝ շինարարական աշխատանքները տեւած են մօտ 6 ամիս, աւարտած են 2023-ի Նոյեմբերին։
ՊԵԿ-ը կը նշէ, որ այստեղ պետական սահմանային հսկողութիւնը նախատեսուած է իրականացնել ինչպէս Հայաստանի միւս անցակէտերուն վրայ է՝ «մէկ պատուհան» համակարգով։
Կառուցուած են սպասարկման սրահ, խոր զննման անգար, բեռներու ձեւակերպման համար նախատեսուած տաղաւարներ եւ պահեստ, ինքանշարժի կայանատեղիներ, ընդարձակ հրապարակ եւ միջազգային չափանիշերուն համահունչ այլ ենթակառուցուածքներ։
ՊԵԿ նախագահ Ռուստամ Բադասեանը անցակէտին վրայ հիւրընկալած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։ ԵՄ դեսպանն ու ՊԵԿ նախագահը շրջած են անցակէտի տարածքին:
ԵՄ դեսպանը գոհունակութիւն յայտնած է անցակէտին իրականացուած աշխատանքներէն։
Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սեյտար Քըլըչը շուրջ երկու տարի առաջ Վիեննայի մէջ պայմանաւորուեցան բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Հայկական կողմը Մարգարայի անցակէտին շինարարութիւնը աւարտեց, սահմանը, սակայն, դեռ փակ է։