ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը ընդունած է ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուի Պոնօն:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, անդրադարձած են բանակցային գործընթացի շրջանակներուն մէջ ընթացող վերջին զարգացումներուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկկողմ օրակարգի շրջանակը ընդգրկող հարցեր: