Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Օրակարգը Յառաջ Մղելու Բարենպաստ Հնարաւորութիւններ Ստեղծուած Են. Ալիեւ

Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Օրակարգը Յառաջ Մղելու Բարենպաստ Հնարաւորութիւններ Ստեղծուած Են. Ալիեւ

by MassisPost

Մայիս 20-ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Լաթվիայի Սեյմի նախագահ Տայկա Միերինեյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։  Ալիեւ, անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման,  նշած է, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու համար պատմական հնարաւորութիւններ ստեղծուած են:

Նշելով, որ ներկայիս կան շատ լաւ եւ բարենպաստ հնարաւորութիւններ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու համար, Ալիեւ ընդգծած է, որ երկկողմ գործընթացի շրջանակներուն մէջ դրական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են սահմաններու եւ սահմանազատման, եւ սահմանագծման հարցով։  Ատրպէյճանի նախագահը յայտնած է, որ «Ատրպէյճանը լուծած է այս հակամարտութիւնը»։

Անոր խօսքով՝ այսպիսով, միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ մէկ հակամարտութիւն գտաւ իր լուծումը, սակայն ցաւալի է, որ աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու նոր օճախներ կը ձեւաւորուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment