Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը պիտի յաջողի՞ ճնշում գործադրել իշխող խմբակցութեան վրայ, որ քուէարկեն ընդդիմութեան ներկայացուցած նախագիծերու օգտին։ Օրինակ, որ վարչապետին անվստահութիւն յայտնեն, կամ Բագրատ սրբազանը վարչապետ ընտրեն։
Իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեանի համոզմամբ, այդ անհնար է։
«Ես նախեւառաջ հնարաւոր չեմ համարում, որ Գալստանեանը վարչապետ առաջադրուելու համար թէկուզ կը հաւաքի 34 թէ 36 ստորագրութիւն, ուր մնաց 72 կողմ ձայն, որպէսզի Սահմանադրութեան համապատասխան դրոյթը փոխուի»,- ըսաւ Վահագն Ալեքսանեանը։
«Ես հիմա հասկանում եմ, որ հանրային շատ մեծ ճնշում կայ, որպէսզի այդ քաղաքական շարժման նմանակումը դադարեցնեն, ու այդ հանրային ճնշումը առնուազն շատ աւելի լաւ տեսանելի է, քան երկքաղաքացիութեամբ վարչապետի պաշտօնում նշանակուելը սահմանադրական ճանաչելու էդ իրենց պահանջը»,- ըսաւ Ալեքսանեան։
Սահմանադրական արգելք կայ, որ Բագրատ սրբազանը առաջադրուի, քանի որ ան երկքաղաքացի է, Գանատայի քաղաքացիութենէն հրաժարուելու պարագային նոյնիսկ հնարաւոր չէ, օրէնքով վերջին չորս տարին միայն Հայաստանի քաղաքացի պէտք է ըլլայ։