Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վազգէն Գալստանեանը Յայտարարած Է, Որ Շտապած Են Վարչապետի Հրաժարականի Պահանջի Հարցով

Վազգէն Գալստանեանը Յայտարարած Է, Որ Շտապած Են Վարչապետի Հրաժարականի Պահանջի Հարցով

by MassisPost

Երեւանի Պետական Համալսարանի բակին մէջ լրագրողները հարցում յղած են Վազգէն (Բագրատ) Գալստանեանին՝ վարչապետի թեկնածուի ընտրութեան հարցով վերջնական որեւէ համախոհութիւն կա՞յ, թէ՞ ոչ:

Վերջինս խուսափած է յստակ պատասխանել՝ ըսելով, որ այդ հարցերը իրեն պէտք չէ ուղղել, այլ կուսակցութիւններուն, քաղաքական գործիչներուն, իրաւաբաններուն ու սահմանդրագէտներուն։

Հարցումին, թէ առաջարկ չէ՞ եղած, օրինակ, Աւետիք Չալաբեանի թեկնածութեան, վերջինս նշած է, որ ոչ։

Դիտարկմանը, թէ Մայիս 9-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ մէկ ժամ, ապա 20 վայրկեան տուած էր, որ կառավարութեան ղեկավարը հեռանայ, մինչդեռ տակաւին պայքարի ճանապարհային քարտէզ ներկայացուած չէ, Գալստանեան արձագանգած է. «Այո՛, շտապեցինք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment