Մայիս 17-ին, Սթրասպուրկի մէջ, Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէին ժամանակ ընդունուած որոշմամբ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Լիակատար աջակցութիւն արտայայտուած է խաղաղութեան գործընթացին՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքներու, ինքնիշխանութեան յարգման, սահմաններու անքակտելիութեան եւ ուժի չկիրառման սկզբունքներու վրայ:
Ողջունուած է սահմանազատման գործընթացը՝ հիմնուած 1991թ. Ալմա-աթայի հռչակագրին վրայ:
Նշեալ արձանագրումը արտացոլուած է «Ռէյքյավիքի հռչակագրի իրականացման» նպատակով «Միաւորուած մեր արժէքներու շուրջ» խորագրով ընդունուած որոշման բնագրին մէջ, որ ունի պարտադիր իրաւական ուժ անդամ երկիրներուն համար: