Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Փարիզը Պաքուն Կը Մեղադրէ Նոր Կալեդոնիայի Մէջ Անկարգութիւններ Հրահրելու Համար

Փարիզը Պաքուն Կը Մեղադրէ Նոր Կալեդոնիայի Մէջ Անկարգութիւններ Հրահրելու Համար

by MassisPost

«Նոր Կալեդոնիայի անջատականները գործարք կնքած են Ատրպէյճանի հետ»,- յայտնած է Ֆրանսայի ներքին գործերու նախարար Ժերալտ Տարմանենը՝ մեկնաբանելով Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ գտնուող խաղաղովկիանոսեան կղզիներուն մէջ սկիզբ առած անկարգութիւնները։

«Ասոնք մտացածին յայտարարութիւններ չեն։ [Նոր Կալեդոնիայի] անկախութեան կողմնակիցներէն ոմանք գործարքի գացած են այդ երկրին հետ», յայտնած է Ֆրանսայի Ներքին գործերու նախարարը։

Անկարգութիւնները Նոր Կալեդոնիայի մէջ բռնկած էին շաբաթասկզբին՝ առնուազն չորս մարդու, այդ շարքին՝ մէկ ոստիկանի մահուան պատճառ դառնալով։

Ցոյցերու պատճառը Ֆրանսայի խորհրդարանին կայացուցած որոշումն էր, որուն համաձայն, ընտրելու իրաւունք ունեցող անձերուն շրջանակը Նոր Կալեդոնիայի մէջ պիտի ընդլայնուի։ Այսուհետ այն պիտի ընդգրկէ նաեւ 1998 թուականէն յետոյ այստեղ բնակութիւն հաստատած անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը ֆրանսացիներ են։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment