Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՎԶԵԴ Նախագահը Շնորհակալութիւն Յայտնած Է ՀՀ Կառավարութեան՝ Դրամատան Համաժողովը Բարձր Մակարդակով Կազմակերպելու Համար

ՎԶԵԴ Նախագահը Շնորհակալութիւն Յայտնած Է ՀՀ Կառավարութեան՝ Դրամատան Համաժողովը Բարձր Մակարդակով Կազմակերպելու Համար

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Վերակառուցման եւ Զարգացման եւրոպական դրամատան նախագահ Օտիլ Ռենօ Պասոյի հետ:

Վարչապետը կարեւորած է Երեւանի մէջ Վերակառուցման եւ Զարգացման եւրոպական դրամատան տարեկան համաժողովին կայացումը՝ ընդգծելով ՀՀ կառավարութեան եւ ՎԶԵԴ-ի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան փաստը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ համատեղ ծրագրերը կը նպաստեն մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման ու ենթակառուցուածքներու արդիականացման:

Օտիլ Ռենօ Պասօն շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ կառավարութեան ՎԶԵԴ տարեկան համաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ հիւրընկալելու համար: ՎԶԵԴ նախագահը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը ՎԶԵԴ-ի կարեւորագոյն գործընկերներէն է եւ փոխգործակցութեամբ կ’իրականացուին արդիւնաւէտ ծրագրեր:

Զրուցակիցները քննարկած են համատեղ ծրագրերու ընթացքը, ինչպէս նաեւ յառաջիկային նախատեսուող նախագիծերուն վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցող ֆինանսական ոլորտին մէջ աննախադէպ այս միջոցառումը մէկ յարկի տակ համախմբած է շուրջ 3000 մասնակից 74 երկրէ, այդ շարքին՝ բարձրաստիճան պաշտօնական պատուիրակութիւններ, միջազգային եւ մասնաւոր հատուածի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, առեւտրային առաջնորդներ եւ ֆինանսական ոլորտի փորձագէտներ: Հայաստանի մէջ էին նաեւ ՎԶԵԴ-ի մէջ 16 երկրի կառավարիչ: Միջոցառումը կարեւորագոյն հարթակ է երկխօսութեան, կապերու հաստատման եւ փոխգործակցութեան ձեւաւորման համար՝ խթանելու ՎԶԵԴ գործունէութեան տարածաշրջաններուն մէջ տնտեսական զարգացումն ու կայունութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment