Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին տնտեսական տեսանկիւնէն ձեռնտու է երկրին: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքինը «Ռուսաստան-Իսլամական աշխարհ. KazanForum» միջազգային տնտեսական համագումարի նիստէն յետոյ։ «Հայաստանը ընդհանրապէս այս տարի ԵԱՏՄ նախագահն է, կը կատարէ նախագահութեան գործառոյթները: Հայաստանը, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ բոլոր անդամները, կը շահի անդամակցութենէն»,- ըսած է ան։
Փանքինի խօսքով՝ տնտեսական ընկերակցութիւնը ունի իրացման մեծ շուկայ, եւ անոր մասնակցութիւնը կ’ենթադրէ բոլոր հնարաւոր արհեստագիտական արդիւնաբերական համագործակցութիւններ, նախագիծեր։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանի օգուտները վիճակագրօրէն հաստատուած են տարբեր տնտեսական ցուցանիշերով։