Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանն Ու Տելհին Կը Փափաքին Խորացնել Գործակցութիւնը՝ Չսահմանափակուիլ Պաշտպանական Գնումներով. Լէոնիտ Ներսիսեան

Երեւանն Ու Տելհին Կը Փափաքին Խորացնել Գործակցութիւնը՝ Չսահմանափակուիլ Պաշտպանական Գնումներով. Լէոնիտ Ներսիսեան

by MassisPost

Երեւանն ու Տելհին կը ծրագրեն պաշտպանական համագործակցութեան հարցերով աշխատանքային խումբ ստեղծել, սա որոշուած է երկու երկիրներու ռազմական կառոյցներու առաջին խորհրդակցութեան ընթացքին։ Թէ յստակ ինչ գործառոյթներ պիտի ունենայ աշխատանքային խումբը, ու ովքեր պիտի ներառուին անոր մէջ, կողմերը չեն բացայայտեր։

«Ապրի Հայաստան» կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Լէոնիտ Ներսիսեանի գնահատմամբ՝ Երեւանն ու Տելհին կը փափաքին աւելի աշխուժացնել համագործակցութիւնը ռազմական ոլորտին մէջ` չսահմանափակուելով միայն պաշտպանական գնումներով. «Երկու կողմն էլ շատ հետաքրքրուած են՝ ունենալ աւելի խորը համագործակցութիւն»։

Ռազմական վերլուծաբանը չի բացառեր՝ հնարաւոր է հետագային Տելհին նաեւ Հայաստանի զինուժի համար վերապատրաստումներ կայացնէ։ Կը շեշտէ՝ հանդիպման ընթացքին այդ հարցն ալ քննարկուած է։

«Ինչ-որ մի օր կարող ենք տեսնել համատեղ զօրավարժութիւններ», – նշեց ան։

Հայաստանն ու Հնդկաստանը նախօրէի հանդիպման ընթացքին հաստատած են երկու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2024-2025 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրը։ Թէ ինչ կ’ենթադրէ այն, կողմերը չեն յստակացներ։ Երեւանն ու Տելհին բաց կը յայտարարեն, որ 20 թուականի պատերազմէն յետոյ կը համագործակցին պաշտպանական ոլորտին մէջ, սակայն գնումներուն տեսակն ու ծաւալները չեն բացայայտեր։

«Այսօր որ վերցնենք՝ Հնդկաստանը գոնէ զէնքի գնումների մէջ Հայաստանի ամենամեծ գործընկերն է, եթէ հաւատանք այն լրատուութեան յօդուածներին, որ Հնդկաստանում են մեծամասամբ տպուել, թուերի ու քանակի մասին այն զէնքի ու զինամթերքի մասին, որ գնուել է, դա շատ մեծ տարբերութեամբ առաջին տեղն է զբաղեցնում»,- ըսաւ Լէոնիտ Ներսիսեանը։

Հնդկական լրատուամիջոցները մինչ այս պահը հաղորդած են հակատրոնային համակարգերու, բազմափողանի հրթիռային կայաններու, քարշակային հրետանային համակարգերու եւ հաուպիցներու ձեռքբերման մասին, պնդած, թէ անոնց համար հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վճարած է Երեւանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment