Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Կը Հաւատայ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան

ԱՄՆ Կը Հաւատայ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան

by MassisPost

ԱՄՆ կը հաւատայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հնարաւորութեան, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի քարտուղարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթելը։

«Մենք կը հաւատանք խաղաղութեան հնարաւորութեան։ Պետական քարտուղարը եւ այլք աշխուժօրէն ներգրաւուած են խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Ես տեղեկութիւն չունիմ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու յառաջընթացին մասին, բայց մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ այս գործընթացին»,- ըսած է Փաթել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment