Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Ընդունած Է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներուն

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Ընդունած Է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներուն

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Լոս Անճելըսի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն՝ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով հիւրերուն՝ նախագահ Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնած է Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն համազգային նշանակութիւն ունեցող գործընթացներում մէջ անոնց կատարած աշխատանքի եւ ներդրած ջանքերուն համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային ընդհանուր իրողութիւններուն եւ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեան ներքաղաքական եւ հասարակական կեանքէն ներս տեղի ունեցող գործընթացներուն:

՛Նախագահ Խաչատուրեան, պատասխանելով հանդիպման մասնակիցներու հարցերուն, մանրամասնութիւններ  յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման գործընթացի վերաբերեալ, ընդգծելով, որ սահմանազատումը կ՛իրականացուի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութեան անխաթարութեան սկզբունքներու շրջագիծին մէջ

Նախագահ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ հայաստանեան իշխանութիւնը անհրաժեշտ քաղաքական կամք ունի յստակօրէն շարժելու հարեւաններու հետ բարիդրացիական եւ կարգաւորուած յարաբերութիւններ հաստատելու ուղիով:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է  Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ առկայ խնդիրներու չէզոքացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու խթանման կարեւորութեան:

Անմիջական մթնոլորտի մէջ Հանրապետութեան նախագահը մանրամասներ  ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան, ռազմարդիւնաբերութեան, երկրի պաշտպանական կարողութիւններու ընդլայնման, տնտեսութեան զանազանակերպման եւ այլ ուղղութիւններով իրականացուող միջոցառումներու մասին:

Մտքեր փոխանակուած են ներհայաստանեան հասարակական-քաղաքական զարգացումներու պատճառահետեւանքային կապերու, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու փոխազդեցութիւններուն վերաբերեալ:

Հանդիպման աւարտին ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները կրկին վստահեցուցած են, որ կուսակցութիւնը իր կարողութիւններով պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ու երկրի օրակարգային հարցերու սպասարկման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment