Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՀՀ Ոստիկանությունը Կը Հերքէ Տաւուշի Մէջ Մարդոց Ծեծի Ենթարկելով Բերման Ենթարկելու Մասին Լուրերը

ՀՀ Ոստիկանությունը Կը Հերքէ Տաւուշի Մէջ Մարդոց Ծեծի Ենթարկելով Բերման Ենթարկելու Մասին Լուրերը

by MassisPost

Տաւուշի մարզին մէջ ՀՀ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածի յատկանիշերով իրաւախախտում կատարելու համար ոստիկանութիւն տարուած է 30 անձ։

Այս մասին յայտնած են Ներքին գործերու նախարարութեան ոստիկանութենէն՝ նշելով, որ վարչական իրաւախախտման վերաբերեալ արձանագրութիւն կազմելէ յետոյ բոլորը ազատ արձակուած են։

«Մամուլում հրապարակումներ են եղել, թէ իբր ոստիկանութեան բաժին տանելիս նշուած անձանց ծեծի են ենթարկել։ Տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը։ ՆԳ նախարարութիւնը յորդորում է չհրապարակել չստուգուած եւ կեղծ տեղեկութիւններ»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր Կիրանցէն քաղաքացիներ, այդ շարքին՝ անչափահասներ, բերման ենթարկելու մասին։ Տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ մարդոց ծեծելով տեղափոխած են ոստիկանական բաժանմունքներ:

Յիշեցնենք՝ Ներքին գործերու նախարարութիւնը աւելի վաղ հաղորդագրութիւն հրապարակած էր՝ տեղեկացնելով, որ Կիրանցի հատուածին մէջ կ’իրականացուի ականազերծում, ոստիկանութիւնն ալ ականազերծման գօտիներուն մէջ կ’իրականացնէ ուժեղացուած ծառայութիւն՝ նշուած գօտիներ քաղաքացիական անձերու մուտքը թոյլ չտալու եւ անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment