Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուած է եւս երեք ամիսով։
Աշոտեանի գործով դատաւոր Վահէ Տոլմազեանը, ներկայացնելով Արմէն Աշոտեանի խափանման միջոցին վերաբերեալ դատարանին վճիռը, նշեց, որ դատարանը կը գտնէ, որ կալանքին ժամկէտը պէտք է երկարաձգել եւս երեք ամիսով։
Աշոտեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան համար երաշխաւորագիր ներկայացուցած էին Ազգային Ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունիմ» խմբակցութիւններուն պատգամաւորները։
Արմէն Աշոտեանը կալանաւորուած էր 2023 թուականի Յունիսին Քննչական Կոմիտէին յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ քննուող՝ «Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամին մէջ կատարուած առերեւոյթ չարաշահումներուն վերաբերող քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ՝ խափանման միջոցի պայմանները խախտելու հիմքով։
Արմէն Աշոտեան կը մեղադրուի պաշտօնական դիրքի չարաշահման եւ փողերու լուացման համար, որ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ։