ՀՀ Քննչական Կոմիտէի պետութեան, սահմանադրական կարգի հիմունքներու եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ քննուող քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ կը շարունակուին լայնածաւալ քննչական գործողութիւնները՝ 2024թ․ Փետրուարին Երեւան քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչութեան դէպքերու լիարժէք բացայայտման ուղղութեամբ։
Ինչպէս ՀՀ Քննչական Կոմիտէն տեղեկացուցած էր աւելի վաղ, նշուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ քրէական հետապնդում յարուցուած է չորս անձի նկատմամբ, որոնց հանդէպ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը:
Քննութեան ընթացքին ձեռք բերուած փաստական տուեալներով պարզուած է, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակին մօտ պայթուցիկ սարքերու տեղադրման կազմակերպման, բացի վարոյթով մեղադրեալ Գ․Ս․-էն եւ ինքնութիւնները տակաւին չբացայայտուած անձերէ, մասնակցած է նաեւ 42-ամեայ Գ․Վ․-ն:
Բացի անկէ, փաստական տուեալներ ստացուած են նաեւ այն մասին, որ վերջինս բնակչութեան, ինչպէս նաեւ անոր առանձին խումբին՝ մասնաւորապէս «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներուն, անոնց աջակիցները ահաբեկելու, հանրային իշխանութեան գործունէութիւնը կազմալուծելու, հանրային իշխանութեան մարմիններուն, այդ շարքին՝ հանրային իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ հանրային ծառայող, ՀՀ Ազգային Ժողովի 8-րդ գումարման պատգամաւոր, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ Հայկ Սարգսեանին եւ ՀՀ վարչապետի նախկին օգնական Նաիրի Սարգսեանին իրենց համար անընդունելի քաղաքականութիւն վարելէ եւ քաղաքական դիրքորոշումներ պահպանելէ ձեռնպահ մնալուն հարկադրելու դիտաւորութեամբ, քննութեամբ չպարզուած անձերու հետ, կազմակերպած է Հայկ եւ Նաիրի Սարգսեաններու հօր՝ Զ․ Սարգսեանին պատկանող, Երեւան քաղաքի Ն. Զարեան փողոցին մէջ գործող ինքնաշարժներու իւղման կէտի մօտ տեղի ունեցած, քաղաքացիական անձեր կեանքէ զրկելու, անոնց առողջութեան ծանր վնաս պատճառելու վտանգով, ինչպէս նաեւ խոշոր չափերու գոյք վնասելով զուգորդուած պայթումը:
Ձեռք բերուած փաստական տուեալներու հիման վրայ միջնորդութիւն ներկայացուած է հսկող դատախազին՝ ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 46-308-րդ յօդուածի առաջին մասով նախատեսուած 3 դրուագ յանցանքներ կատարելու համար Գ․Վ․-ի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ, որ բաւարարուած է։
Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը եւ յայտարարուած է հետախուզում։