Անցնող շաբաթավերջին` 24 Փետրուար 2024, Փասատինայի ՀԿԲՄ.ի սրահէն ներս տեղի ունեցած մեծարանքի շքեղ ճաշկերոյթևհանդիսութեան մը ընթացքին ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան խումբ մը անդամներ պարգեւատրուեցան «Փարամազի» անուան շքանշանով:
Ներկայ էին միջոցառման հովանաւոր` ՍԴՀԿ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Տէր եւ Տիկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներ, ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մամինի ատենապետ` Տէր եւ Տիկին Վազգէն Խոտանեան, ենթակառոյցներու ղեկավարներ եւ մեծ թիւով կուսակցականեր ու համակիրներ:
Երեկոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով օրուան հանդիսավարներէն` Ծովիկ Քէօրողլեան, բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց սոյն յիշարժան ձեռնարկի մասնակիցները եւ պարզեց հաւաքի նպատակը, որ է` գնահատել գաղափարանուէր վաստակաշատ ընկերներու օգտաշատ ծառայութիւններն ու ներդրումը ի նպաստ կուսակցութեան ազգանուէր առաջադրանքներու իրագործումին:
Այնուհետեւ Ծովիկ Քէօրողլեան մէկ առ մէկ կարդաց կենսագրութիւնները այն ընկերներուն, որոնք պիտի արժանանային կուսակցութեան գերագոյն պատուանշանին` «Փարամազ» պատուոյ բարձր շքանշանին: Անոնք են` ընկերներ Ճորճ Յակոբեան (Նեվատա), Վազգէն Գալթագճեան (Լուիզիանա), Գրիգոր Խոտանեան, Ժիրայր Կիրակոսեան, Յարութ Պոյամեան, Վահէ Աջապահեան եւ Վարդան Քէօրողլեան:
Վերոյիշեալ ընկերները բեմ բարձրանալով իրենց պաշտօնական շնորհաւորագիրն ու «Փարամազ» պատուոյ շքանշանը ստացան ձեռամբ` ՍԴՀԿ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանի, արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութեանց:
Այս առթիւ` ընկեր Համբիկ Սարաֆեան խօսք առնելով իր շնորհաւորութիւններն ու սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց շքանշանակիր ընկերներուն: Ան` միաժամանակ անդրադարձաւ իւրաքանչիւր պարգեւատրեալին բարեմասնութիւններուն ու բերած ներդրումի կուսակցութեան քաղաքական, ընկերային եւ ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մէջ, մաղթելով յարատեւութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ իրենց նուիրական առաքելութեան մէջ:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց տօնական խրախճանք, որուն հանդիսա-վարութիւնը ստանձնած էր Ստեփան Յովակիմեանը: Երեկոյի ընթացքին ազգայինևհայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան շնորհալի երգիչներ` Դաւիթ Սամուէլեանն ու Յարութ Յակոբեանը:
Միջոցառումի աւարտին երգիչներուն միանալով ներկաները յոտնկայս կատարեցին «Հնչակեան ենք մենք ուխտեալ զինուորներ» յեղափոխական երգը:
Գ.Մ.